ՀԱՇՄԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԼՈՂԱՐՇԱՒԻ ԲԱՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՈՒԹ ՄԵՏԱԼԻ
Հայաստանի հաշմանդամներու լողարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռուսիոյ մէջ աւարտած 2011-ի հաշմանդամներու լողարշաւի բաց ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները սքանչելի արդիւնքներ արձանագրելով տիրացան ութ մետալի:
Արտակ Դաւթեան (13 տարեկանէն վար), որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 50 մեթր ազատ, կռնակի եւ կուրծքի լողի մրցումներուն, տիրացաւ 2 արծաթ մետալի:
Մարկարիթա Յովակիմեան (15 տարեկանէն վար), որ մասնակցեցաւ 50, 100 եւ 400 մեթր ազատ լողի, ինչպէս նաեւ 100 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն, տիրացաւ վեց մետալի (1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Անոր արձանագրած այս արդիւնքը անոր իրաւունք տուաւ իր մասնակցութիւնը բերելու յուլիս 2011-ին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունենալիք Փարալիմփիքի Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան:
Նշենք, որ 15 տարեկանէն վար Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Աւագ Տոնոյեան, չյաջողեցաւ որեւէ մետալի տիրանալ:
Այս մրցաշարքին Հայաստանի մարզիկներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնին եւ Նիժնինովկորոտի հայ համայնքին ջանքերուն եւ աջակցութեան շնորհիւ տեղի ունեցաւ: