Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի Եւ Իրանի Հսկայական Տարողութեամբ Ռազմափո՞րձ. «Սուրիոյ Մէջ Գործուող Սպանդներուն Պատասխանատուն Թրքական Կառավարութիւնն Է» Կ՛ըսէ Թուրք Երեսփոխան Մը
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ Իրանէն հազարաւոր զինուորներ, հրասայլեր, մարտանաւեր, հրթիռային համակարգեր Սուրիա հասնին մասնակցելու համար «Միջին Արեւելքի մեծագոյն ռազմափորձին»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրանեան պետական լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ նշեալ ուժերը յուլիսի սկիզբը սուրիական ծովափին վրայ պիտի մասնակցին ծովային մեծ ռազմափորձի: Գաղտնի սպասարկութեանց աղբիւրներ յայտնած են, որ չորս երկիրներէ աւելի քան 90 հազար զինուորներ պիտի մասնակցին այս ռազմափորձին, որ տեղի պիտի ունենայ ծովուն եւ ցամաքին վրայ: Միջին Արեւելքի մէջ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը նկատուող այս ռազմափորձին պիտի մասնակցին հակաօդային համակարգեր, հրթիռարձակ սուզանաւեր, 400 պատերազմական օդանաւեր եւ հազարաւոր հրասայլեր:
Ըստ զեկուցումին, Եգիպտոս չինական 12 մարտանաւերու արտօնած է Սուեզի ջրանցքէն անցնիլ դէպի սուրիական ծովափ, ուր կը նախատեսուի յառաջիկայ երկու օրերուն հասնիլ: Ռուսիա իր կարգին հիւլէական ուժով բանող սուզանաւեր, օդանաւակիրներ, ականազերծող մարտանաւեր պիտի ուղարկէ, իսկ Իրան` սուզանաւեր եւ մարտանաւեր:
Նշենք Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսէնա Շաապան երէկ աւելի ուշ հերքեց այս լուրը:
«Քուտս Արապի» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Տաուտ Ռաժիհա հինգշաբթի, 14 յունիսին Մոսկուա գաղտնի այցելութիւն մը կատարած է: Օրաթերթը հաւանական կը նկատէ, որ ան հանդիպում ունեցած ըլլայ իր ռուս պաշտօնակից Անաթոլի Սերտիուքովի հետ:
Մինչ այդ, ռուսական պալթեան նաւատորմիղէն աղբիւր մը ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նշեալ նաւատորմիղին մաս կազմող ցամաքահանումի «Քալինինկրատ» մարտանաւը Թարթուսի նաւահանգիստ կ՛ուղղուի:
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիա Սկովտիոյ ափերուն մօտ կանգնեցուցած է դէպի Սուրիա զինուորական ուղղաթիռներ եւ հրթիռներ տեղափոխող ռուսական «Ալայետ» բեռնատար նաւուն ընթացքը: Բրիտանական «Սթանտարտ Քլապ» ապահովագրական ընկերութիւնը չեղեալ յայտարարած է նաւու սեփականատէր ռուսական «Ֆեմքօ» ընկերութեան հետ` ապահովագրական ծառայութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը, ապա ստիպած է, որ բեռնատար նաւը իր ուղղութիւնը փոխէ եւ վերադառնայ Ռուսիա:
Ըստ օրաթերթին, նաւուն վրայ եղած են «Մի-25» տիպի ուղղաթիռներ, որոնք յայտնի են իբրեւ «թռչող հրասայլեր»: Կ՛ենթադրուի, որ անոնք Սուրիոյ վաճառուած են խորհրդային տարիներուն ընթացքին, իսկ վերջերս Ռուսիոյ մէջ վերանորոգուած են: Բրիտանական կողմը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ հետեւիլ բեռնատար նաւուն հետագայ նաւարկումին` համոզուելու համար, որ անիկա Ռուսիա վերադարձած է:
Նախապէս բրիտանական մամուլին մէջ հրապարակուած էին լուրեր, որոնք կը հաղորդէին, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ Լոնտոնը համոզել, որպէսզի կանգնեցնէ նշեալ նաւը:
Միւս կողմէ, «Ռուսիա Եոմ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի հետ: Հանդիպումը կեդրոնացած է Սուրիոյ կացութեան եւ տագնապէն քաղաքական ելք մը գտնելու միջոցներուն վրայ: Պոկտանով իր հիւրին ներկայացուցած է Սուրիոյ շուրջ խորհրդաժողով մը գումարելու ռուսական նախաձեռնութիւնը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, սուրիական կողմը զօրակցած է ռուսական գաղափարին, իսկ Շաապան շեշտած է, որ Դամասկոս կը ջանայ երկրին տագնապը կարելի եղածին չափ շուտ լուծել, բոլոր տեսակի բռնարարքները դադրեցնել եւ ընդդիմադիր ուժերուն հետ կառուցողական երկխօսութեան ձեռնարկել: Շաապան շնորհակալութիւն յայտնած է սուրիական հարցին մէջ արտաքին միջամտութիւնը մերժող ռուսական կեցուածքին համար, որ աշխատանք կը տանի քաղաքական-դիւանագիտական լուծումի պայմաններ ստեղծել եւ զինեալներու ֆինանսաւորումն ու զինումը արգիլել:
Սպիտակ տունէն աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Փարիզի եւ Լոնտոնի հետ Սուրիոյ մէջ շտապ կացութեանց դիպաշարերու շուրջ, ինչպէս նաեւ մարզումի եւ Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի նման Սուրիոյ դրացի երկիրներու մասին գաղտնի սպասարկման տեղեկութեանց փոխանակման շուրջ քննարկումներ կը կատարէ` նշելով, որ այդ բոլորը առ ի զգուշութիւն են, եւ «մինչեւ հիմա որեւէ բան կատարելու հրաման չկայ»:
Աղբիւրը նշեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ ամերիկեան ծովուժին ներկայութիւնը սովորական միջոցառում մըն է, եւ Միացեալ Նահանգներ արեւելեան Միջերկրականի մէջ այդպիսի ներկայութիւն մը կը պահեն:
Մինչ այդ, Սուրիական ազատ բանակը երէկ Սուրիոյ քիւրտերուն կոչ ուղղեց իրեն միանալու եւ միասնաբար գործելու յանուն Սուրիոյ մը, որուն մէջ քիւրտերուն նկատմամբ «անարդարութիւնը» կը վերցուի, եւ անոնք հայրենիքին մէջ իսկական գործընկերներու կը վերածուին: Սուրիական ազատ բանակի բանբեր գնդ. Քասեմ Սայիտէտտինի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը քիւրտերը կը հրաւիրէ «պարտադիր ծառայութեան եւ Սուրիական ազատ բանակի շարքերուն միանալու»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու բնական աշխատանքի շարունակումը շատ կարեւոր կը նկատէ: Ան սուրիական կառավարութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց դէտերուն համար աշխատանքի ապահով պայմաններ ստեղծելու համար «որոշ միջոցառումներ» որդեգրելու:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Այնթապէն երեսփոխան Մոհամետ Շիւքիւր թրքական «Ենիչաղ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ գործուող սպանդներուն համար, մասնաւորաբար սուրիացի մանուկներու սպանութեան համար պատասխանատուն թրքական կառավարութիւնն է»` նշելով, որ Թուրքիոյ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը մեծապէս նպաստեց Սուրիոյ մէջ տագնապի յառաջացման:
Շիւքիւր Հուլայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին պատասխանատուն թրքական կառավարութիւնը նկատելով ըսաւ, որ «Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ տարածուած ահաբեկիչները թրքական սահմանէն Սուրիա կը թափանցեն այդտեղ ահաբեկչական արարքներ գործելու համար»` աւելցնելով, որ այդ իրողութեան փաստը բախումներու ընթացքին վիրաւորուած զինեալներուն թրքական հիւանդանոցներու մէջ դարմանումն է:
Ան ըսաւ, որ Քաթարի կողմէ ուղարկուած զէնքերը թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ կը մատակարարուին «ահաբեկչական խմբաւորումներուն»: «Թուրքիոյ միջոցով սուրիացի մանուկներու սպանութիւնը երկրին համար ամօթի խարան մըն է», ընդգծեց Շիւքիւր:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ, թրքական խորհրդարանին մէջ Սամսոնէն երեսփոխան Հալուք Քիւչ իր կարգին օրաթերթին յայտնեց, որ «թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի արարքներուն պատճառով դէպի անդունդ կ՛ուղղուի»` վստահեցնելով, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը Սուրիոյ հարցով կայսերապաշտութեան պահանջները կը կատարէ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, ուր հայեր եւս կը բնակին, ական մը պայթած է: Մինչ սուրիացի զինուորներ ական մը կը փորձէին վնասազերծել, զինեալ ընդդիմադիրները նոյն տարածքին մէջ այլ ական մը պայթեցուցած են: Սպաննուած են ականը վնասազերծել փորձող երկու զինուորներ եւ արձանագրուած են երեք վիրաւորներ:
Նշենք, որ Մեքսիքայի մէջ իրենց հանդիպումին աւարտին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Սուրիոյ ժողովուրդը պէտք է կարելիութիւն ունենայ ժողովրդավարական ճամբով ընտրելու իր ապագան: Փութին եւ Օպամա բռնութիւնները անյապաղ դադրեցնելու եւ Քոֆի Անանի ծրագիրը գործադրելու կոչ ուղղեցին: Հանդիպումին աւարտին Փութին յայտարարեց. «Մենք միջազգային խնդիրներու, ներառեալ` սուրիականին մասին խօսած ենք եւ համագործակցութեան բազմաթիւ եզրեր գտած ենք»:

