Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրներու Ղեկավարները Կը Ցաւին, Որ Ալիեւ Եւ Սարգսեան Վճռական Քայլերու Չեն Ձեռնարկած
Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները Մեքսիքայի Լոս Քապոսի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած են` արագացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած հիմնական սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումները:
Անոնք միացեալ յայտարարութեան մը մէջ նշած են, որ իրենք միասնական են` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ:
«Մենք կը ցաւինք, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները վճռական քայլերու չեն ձեռնարկած, որուն առնչութեամբ մենք կոչ ուղղած էինք 26 մայիս 2011-ին Տովիլի մէջ կատարած միացեալ յայտարարութեան մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Անոնք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած են արագացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը, ինչ որ տեղ գտած էր 23 յունուար 2012-ին Սոչիի յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են` զերծ մնալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ուժի կիրարկումէն, բանակցութեան մէջ առաւելապաշտական դիրքորոշումներէն եւ աջակցելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին:
Անոնք նշած են, որ պէտք է հաւատարիմ մնալ 1994-ին հաստատուած հրադադարի համաձայնագիրին եւ զերծ մնալ ռազմատենչ յայտարարութիւններէն:
«Մենք ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք առաջնորդուելու Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներով, մասնաւորապէս` ուժի կիրարկման բացառման, տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքներով, ինչպէս նաեւ լուծման այն տարրերով, որոնք նշուած են 2009-ին Աքուիլայի եւ 2010-ին Մոսկուայի յայտարարութիւններուն մէջ:
Զինուորական ուժի կիրարկումը տագնապի լուծման պիտի չառաջնորդէ, այլ միայն պիտի երկրարաձգէ շրջանի ժողովուրդներու տառապանքը: Միայն խաղաղ բանակցային ճամբով կարելի է գտնել ելքը այս բարդ իրավիճակէն եւ նպաստել շրջանի բարգաւաճման», ըսուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Հայկական Արձագանգները
Մեքսիկայի Լոս Քապոս հանգստավայրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու նախագահներուն տարածած միացեալ յայտարարութեան արձագանգեցին պաշտօնական Երեւանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտարարեց, որ Լոս Քապոսի մէջ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի, Պարաք Օպամայի եւ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ` եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն արդէն չորրորդ յայտարարութիւնն է, որ կրնայ խթան հանդիսանալ բանակցային հոլովոյթին համար:
Նախարար Նալբանադեան յայտնեց, որ Հայաստան եռանախագահ երկիրներուն հետ միասնական եւ վճռական է տագնապին բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու առումով:
«Ինչպէս Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, մենք եւս կ՛ափսոսանք, որ հակառակ Տովիլի մէջ 26 մայիս 2011 թուականի յայտարարութեան կոչին` Ազրպէյճանի ապակառուցողական, առաւելապաշտական դիրքորոշման պատճառով կարելի չեղաւ յառաջընթաց արձանագրել 24 յունիսին Քազանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին», ըսուած է Նալբանդեանի յայտարարութեան մէջ: «Հայաստանը, հաւատարիմ մնալով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, որոնք արտացոլուած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու 23 յունուարին Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութեան մէջ, պիտի շարունակէ ջանքերը ուղղուած տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքերու համաձայնեցման», ընդգծեց Նալբանդեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կը նշէ, որ Հայաստան բազմիցս կոչ ուղղած է յարգելու մայիս 1994-ին ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւնը եւ զերծ մնալու ռազմատենչ, լարուածութիւնը սրող թշնամական հռետորաբանութենէն:
Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Ազրպէյճան, բաղդատմամբ Հայաստանի, մերժած է եւ կը շարունակէ մերժել համանախագահ երկիրներուն կողմէ զինադադարի դրութեան ամրապնդման ուղղուած առաջարկները` շփման գիծէն արձակազէններու դուրս բերման, զինադադարի խախտումներու, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուց, որ վերջին անգամ Ազրպէյճանի կողմէ ատիկա կատարուեցաւ մէկ շաբաթ առաջ` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին Պաքու այցելութեան ժամանակ: Ըստ նախարարին, Ազրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ կոպտօրէն կը խախտէ զինադադարը եւ շարունակաբար սադրանքներ կը կազմակերպէ:
Եզրափակելով` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց հետեւեալը. «Հայաստան, բաղդատմամբ Ազրպէյճանի, բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է շարունակել բանակցութիւնները Աքոփլայի, Մուսքոքայի, Տովիլի մէջ եւ, կրնամ աւելցնել նաեւ, Լոս Քապոսի մէջ համանախագահ երկրների ղեկավարների ընդունած յայտարարութիւններուն հիման վրայ` հասնելու հիմնախնդրի լուծման»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արտակ Զաքարեան յայտնեց, որ լոսքապոսեան յայտարարութեամբ միջազգային հանրութիւնը յստակ պատգամ կ՛ուղարկէ Ազրպէյճանին` ձեռնպահ մնալու ղարաբաղեան խնդիրը ուժային տարբերակով լուծելէն: Օպամայի, Փութինի եւ Հոլանտի յայտարարութեան մէջ, մասնաւորաբար, կը կարդանք. «Զինուորական ուժի կիրառումը չի յանգեցներ տագնապի լուծման»:
«Ցանկալի պիտի ըլլար, որ հետագայ արդիւնքները աւելի տեսանելի դարձնելու համար, Մինսքի խմբակին կողմէ յստակ ըսուէր` ազրպէյճանական կողմը զինադադարի դրութիւնը կը խախտէ պարբերաբար, տեղի կ՛ունենան հետախուզական խումբերու սադրիչ գործողութիւններ շփման գիծին վրայ, Ազրպէյճան անընդհատ կը մերժէ արձակազէններու հեռացման հոլովոյթը սկսիլ: Միայն այս պարագային կարելիութիւն պիտի ըլլայ հաւասարակշռութիւն ապահովել», ըսաւ Զաքարեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին նախ ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ 2009 թուականէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարները անհրաժեշտ կը նկատեն ղարաբաղեան խնդիրին վերաբերեալ ամէն տարի յատուկ յայտարարութիւն կատարել, ինչ որ, ըստ Մանոյեանի, կը վկայէ, թէ որքա՛ն կարեւոր դարձած է ղարաբաղեան խնդիրը միջազգային քաղաքականութեան մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Մանոյեան, անդրադառնալով Օպամայի, Փութինի եւ Հոլլանտի յայտարարութեան բովանդակութեան` կասկած յայտնեց, որ ղարաբաղեան բանակցային հոլովոյթը յառաջիկային պիտի արագանայ:
Յայտարարութեան մէջ կայ հետեւեալ ձեւակերպումը. «Տագնապին կողմերը այլեւս պէտք չէ յետաձգեն այն կարեւոր որոշումներուն ընդունումը, որոնք անհրաժեշտ են երկարատեւ եւ խաղաղ լուծման համար»:
«Առնուազն այնքան ժամանակ, որ Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ է, հոլովոյթը ոչ մէկ տեղ պիտի հասնի: Ազրպէյճան, դժգոհ ըլլալով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ այս սկզբունքներու առաջ քաշելէն, կը փորձէ հարցը տեղափոխել այլ ատեաններ», նշեց Մանոյեան:

