Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հարուֆ Հանդիսացաւ Դ. Դասակարգի Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները:
Իր կատարած վերջին մրցումին, Հարուֆ յաղթանակ արձանագրելով հանդիսացաւ Դ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Գ. դասակարգ: Անոր հետ միասին Գ. դասակարգ բարձրացան նաեւ Շեքքա Ռիատի եւ Իթթիհատ Հարեթ Հըրէյք, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Աւարտին Դ. դասակարգի ախոյեան հանդիսացած Հարուֆ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանէն:
CATEGORIES Մարզական

