50 Տարի Առաջ ( 21 Յունիս 1962 )

Հայրերու Օրուան
Տօնակատարութիւնը

Չորեքշաբթի, 13 յունիս 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան Ազգային վարժարանի Շրջ. միութեան կազմակերպած հայրերու օրուան տօնակատարութիւնը:

Հայրերու օրուան պատշաճ տօնակատարութիւն մը չէր տեղի ունեցածը, ուր հօր մը արժէքն ու կատարած դերը փառաւորուէր` դաստիարակիչ եզրակացութիւններով, այլ` հայրերու եւ մայրերու մասին թեր ու դէմ արտայայտուող վիճաբանական տեսակ մը ասուլիս:

Մայրերուն ունեցած առաւելութիւններու մասին խօսեցաւ Ս. Ծառուկեան` արժէքազրկելով հայրերուն դերը, իսկ հայրերուն ունեցած առաւելութիւններուն մասին խօսեցաւ Վազգէն Այգունի` արժէքազրկելով մայրերուն ունեցած առաւելութիւնները:

Օրուան նախագահ Բիւզանդ Եղիայեան իր խօսքերը բանաձեւեց հետեւեալ կերպով.

«Կարելի է ծնողաց օրը տօնել: Երկուքն ալ` հայրն ու մայրը ճանչնալով իրենց արժէքին մէջ իբրեւ ամբողջութիւն:

«Երկուքն ալ, իրենց սեռին յատուկ առաքինութիւններ ունին, եւ իրողութիւնները պէտք է դատենք իրենց բուն արժէքով:

«Խնդիրը պէտք է դիտենք ոչ այնքան դիրքերու եւ դերերու հաշիւի տեսակէտէն, այլ` իբրեւ մարդ դիտելու տեսակէտէն: Ի՞նչ են առաքինութիւնները կնոջ եւ մարդու, որոնք իբրեւ մարդկային արժէք կը ներկայանան:

«Ամէն մէկ կին եւ ամէն մէկ այր առանձինն անձնաւորութիւններ են, առանձինն արժէքներով:

«Տիեզերքը կառավարող սկզբունքները, ուժը սիրոյ եւ հաւատքի մէջ է: Այդ սիրոյ եւ հաւատքի զօրութեամբ է, որ հայրն ու մայրը պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն հանդէպ իրենց զաւակներուն: Մայրը պէտք է ըլլայ խնամող, իսկ հայրը` կառավարող:

«Հայրերը պէտք է ըլլան հայրական տիպարներ, մայրերը` մայրական տիպարներ, որպէսզի կարենան տիպար սերունդներ հասցնել հայ ժողովուրդին»:

Տօնակատարութեան գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին տոքթ. Է. Էլմաճեանի ղեկավարած ութեակը, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ Արփինէ Թէլեանի, երգեց Կարօ Զաքարեանի «Ջահելութիւնը»:

Թաթուլ Այնեճեան, ապրումով մենակատարեց Ֆրանսուա Քոբէի «Դարբիններու գործադուլը»:

Հ.

Հայկական Կեանք

Ն. Փալանճեան Ճեմարանի Փայլուն Յաջողութիւնը
Ֆրանսական
Պաքալորէայի Քննութեանց Մէջ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Ն. Փալանճեան ճեմարանէն հետեւեալ չորս ուսանողները յաջողութեամբ անցուցած են ֆրանսական պաքալորէայի իրենց քննութիւնները.

Վերժին Մատենլեան, Ստեփան Սեթեան (յիշատակութեամբ), Ռազմիկ Գոնեալեան եւ Արմիկ Ճենտերեճեան:

Իսկ երկու ուրիշներ` Տիգրան Շիրվանեան եւ Արի Տիգիճեան իրաւունք ստացած են բերանացի վերաքննութեան մասնակցելու:

 

Ֆրանսական Պաքալորէայի Քննութեանց Մէջ
Յաջողած
Հայ Աշակերտներ

Ֆրանսական պաքալորէայի քննութեանց մէջ (գրաւոր եւ բերանացի) վերջնականապէս յաջողած են հետեւեալ աշակերտները.

Սիմոն Տաքեսեան, Սեսիլ Նիկոլեան, Վահէ Սեդրակեան, Մելքոն Ուրֆալեան, Արտա Ենիգոմշեան, Ֆրանսուա Քուքերճինեան, Կարպիս Շեքերճեան, Արմիկ Ճենտերեճեան, Յասմիկ Խանիկեան, Մարիձա Պուճիգանեան, Գէորգ Ահարոնեան, Ժան-Քլոտ Փանիկեան, Անահիտ Ճիկերեան, Վարուժան Պաղճեան, Վիգէն Երամեան, Սամուէլ Մանուկեան, Թորգոմ Մկրտիչեան, Վերժին Մատենլեան, Հանրի Արսլանեան, Միրալտա Կիւլեսերեան, Ան-Մարի Աղաճանեան, Ռազմիկ Գոնեալեան, Ստեփան Սեթեան, Մուշեղ Սիւլահեան:

 

Հայու Մը Շնորհիւ Մարդկութիւնը Պիտի Տիրանայ
Երիտասարդութեան
Գաղտնիքին… 

96 Տարեկանին Զաւակ Մը Ունեցած Է Հայ Մաթուսաղան

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը գրէ հետեւեալ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւնները.-

«Յաւիտենական երիտասարդութեան գաղտնիքը» հաւանաբար կը գտնուի այն հին դեղագրերուն մէջ, որ գտնուեցան մէկ քանի մը օր առաջ 108 տարեկանին այստեղ իր մահկանացուն կնքած Սերճ Պելեկի անկողնին տակ:

Պելեկ ծնած էր Հայաստան եւ կը կոչուէր Սարգիս (Սերգէյ) Պելեկեան, երբ ութսուն տարի առաջ եկաւ Միացեալ Նահանգներ: Ողջ մնացած ամէնէն հին ներգաղթողներէն էր:

Զարմանալին այն է, որ այս մաթուսաղան մինչեւ իր մահուան նախօրեակին կը պահէր իր մտքի եւ մարմնի ամբողջ ուժը: Ասկէ 12 տարի առաջ, այսինքն` 96 տարեկանին, զաւակ մը ունեցաւ երիտասարդ սեւամորթ կնոջմէ մը:

Իր ազգականներն ու բարեկամները կ՛ըսեն, թէ Սերճ Հայաստանէն հետը բերած էր իր մեծ հօր կողմէ հայերէն գրուած հին դեղագրեր, որոնք զանազան բոյսերով այր մարդու սեռային կարողութիւնը յաւերժացնող դեղերու պատրաստութեան կերպը կը սորվեցնէին:

Իր մահէն ետք, իսկապէս այդ դեղագրերը գտնուեցան եւ հիմա, երկու գիտնականներ զանոնք կ՛ուսումնասիրեն` ոչ այնքան սեռային կարողութիւններու յաւերժացման գաղտնիքը գտնելու համար, որքան` երեւան հանելու համար գաղտնիքը երակներու երիտասարդացման, որ հաւանաբար կը գտնուի Հայաստանի այս հին դեղերուն մէջ:

Պելեկի ամենափոքր տղան, որ ներկայիս 46 տարեկան է, գիտնականներուն հաւաստեց, թէ իր հայրը այս դեղագրերուն հիման վրայ զանազան դեղեր կը շինէր եւ կանոնաւոր կերպով զանոնք կը խմէր:

«Իր կենսունակութիւնը ապշեցուցիչ բան մըն էր», յայտարարեց ան: «Մեռնելէն երեք օր առաջ պահանջեց, որ զինք մինակ ձգենք մեր սեւամորթ սպասուհիին հետ»:

Եթէ հաստատուի, որ Պելեկի դեղերը իսկապէս կը վերանորոգեն նրբերակները, այն ատեն անոր ժառանգորդները միլիոնատէր պիտի դառնան, որովհետեւ, իրաւունք պիտի ունենան այդ դեղերը շահագործելու ամբողջ աշխարհի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES