ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Նախագահ Սարգսեան կը դիմաւորէ չինական պատուիրակութեան անդամները

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական գրասենեակի մնայուն անդամ Լի Չանչունի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան ժամանեց Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հրաւէրով:

Ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւնէն կարեւոր նկատեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Չինաստան միշտ ալ եղած է Հայաստանի յուսալի բարեկամն ու գործընկերը, եւ այդ պատճառով ալ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը:

Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց շրջանին մէջ Չինաստանի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը եւ ընդգծեց, որ Չինաստանի ներգրաւուածութեան ընդլայնումը Հարաւային Կովկասի մէջ միայն պիտի նպաստէ խաղաղութեան ամրապնդման եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին առեւտրատնտեսական, արհեստագիտական, մշակոյթի, կրթութեան եւ կարգ մը այլ մարզերու մէջ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան: Նշուեցաւ, որ չինական պատուիրակութեան կազմին մէջ Հայաստան ժամանած են մեծ թիւով գործարարներ` մասնակցելու համար Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք հայ-չինական գործարար համաժողովին, որուն նպատակն է նպաստել գործարարական յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ քննարկել տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջկուսակցական յարաբերութիւններու զարգացման:

Չինաստանի իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ արդէն 12 տարիներէ ի վեր Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց նաեւ Ասիական զարգացման դրամատան նախագահի տեղակալ Սիաոյու Ճաոն:

Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Ասիական զարգացման դրամատան գործունէութիւնը Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ասիական շրջանին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով Հայաստանին ցուցաբերուած օժանդակութեան համար:

Նախագահը առանձնացուց դրամատան աջակցութեամբ առանցքային այնպիսի ծրագիրներու իրագործումը, ինչպէս` «Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցք» եւ տարածքային զարգացման ուղղուած «Հայաստան. քաղաքային կայուն զարգացում» ներդրումային ծրագիրները:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին Հիւսիս-հարաւ երկաթուղիի կառուցման ծրագիրի նախապատրաստման գործին մէջ դրամատան հաւանական օժանդակութեան, գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման խթանման համար անհրաժեշտ ենթակառոյցներու ստեղծման, ինչպէս նաեւ դրամատան կողմէ փոքր եւ միջին ձեռնակատիրութեան զարգացման աջակցութեան հարցերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES