Տեսակէտ. Հոլլանտի` Օպամայի Վերածուելու Վտանգը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին լուր մը, որ հայկական կողմին, մասնաւորաբար` ֆրանսահայութեան ղեկավար շրջանակներուն մէջ պէտք է ահազանգ հնչեցնէ:
Ըստ նշեալ լուրին, չորեքշաբթի, 20 յունիսին Պրազիլի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է: Կը նշուի, որ հանդիպումը «Սարքոզիի օրերուն յառաջ քշուած Ցեղասպանութեան քրէականացման օրինագիծին պատճառով գրեթէ վերացած երկկողմ յարաբերութիւնները վերսկսելու տեսանկիւնէն» կարեւոր էր: Երկու նախագահները նշած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները դժուար փուլէ մը անցած են, եւ այժմ անհրաժեշտ է ոչ միայն յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ, այլ նաեւ խորացնել յարաբերութիւնները` տնտեսական եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցերուն մէջ: Էրտողան Հոլլանտը հրաւիրած է Անգարա, իսկ վերջինս հրաւէրը դրական ընկալած է:
Թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը բանալու հոլովոյթը ընթացք առաւ երկուշաբթի, 21 մայիսին Շիքակոյի մէջ Հոլլանտի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումով, որուն ընթացքին Կիւլ նշած էր, որ «վատ չէր ըլլար, եթէ մենք կարենայինք մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ», իսկ թրքական որոշ աղբիւրներու պնդումով, Հոլլանտ իր կարգին նշած էր, որ «նախապէս եղած սխալ հասկացողութիւնները պէտք չէ այսօրուան յարաբերութիւններուն վրայ շուք ձգեն»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ քանի մը օր ետք խօսելով այդ հանդիպումին մասին յայտնեց, որ Հոլլանտ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Վալերօ ընդգծեց, որ «Ֆրանսա կ՛ուզէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ` ամրապնդել զանոնք»:
Յստակ է, որ երկու վարչակազմերուն մօտ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու եւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հասարակաց եւ լուրջ փափաք մը գոյութիւն ունի: Տեղի ունեցողը երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու հոլովոյթ մը չէ, այդ մէկը արդէն ապահովուած ու շրջանցուած է եւ երկու կողմերը իրենց նայուածքը դէպի աւելի հեռաւոր հորիզոններ ուղղած են:
Տիրող մթնոլորտին մէջ ֆրանսական կողմը բնականաբար պիտի զգուշանայ սիրոյ եւ եղբայրութեան համանուագին մէջ սխալ ձայնանիշեր հնչեցնելով Անգարայի մէջ նախատեսուող պսակէն ետք ուրուագծուող մեղրալուսինի մթնոլորտը խանգարելէ: Ինչ որ մտածել կու տայ, որ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերստին կեանքի կոչումը առնուազն վտանգուած է. անիկա դարակը պիտի նետուի կամ լաւագոյն պարագային դարձեալ պիտի մերժուի:
Կը գտնուինք Պարաք Օպամայի նախընտրական ուժեղ խոստումներուն եւ խոստմնադրժութեան ամերիկեան ֆիլմաշարին կրկնօրինակը եղող ֆրանսական ֆիլմաշարը դիտելու անախորժ կացութեան առջեւ: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համախմբումը պէտք է անյապաղ շարժի եւ հայութեան մտավախութիւնը Ֆրանսայի նախագահին ներկայացնելով անկէ երաշխիքներ պահանջէ:

