Եւրոպայի Մայրաքաղաքը Պրիւքսելէն Պերլի՞ն Պիտի Տեղափոխուի

Անկելա Մերքել

Գերմանիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ռուսսքայա Գերմանիա» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան ելեւմտական միութիւն ստեղծելու ծրագիրը, հակառակ Փարիզի ընդդիմութեան, աւելի քան երբեք մօտ է կեանքի կոչուելու, իսկ փորձագէտները չեն կասկածիր, որ նոր միաւորման, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եւրոպական Միութեան կեդրոնը Պրիւքսելէն Պերլին պիտի տեղափոխուի:

Ըստ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Եւրոպական Միութեան ներկայ կառուցուածքը, մասնաւորաբար եւրոյի գօտին չի համապատասխաներ ժամանակի պահանջներուն: Ան «Էյ.Առ.Տի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Մենք ոչ միայն դրամական միութեան կարիք ունինք, այլ նաեւ այսպէս կոչուած ելեւմտական միութեան` պիւտճէական ընդհանուր քաղաքականութեամբ: Սակայն ամէնէն շատ կարիք ունինք քաղաքական միութեան»` աւելցնելով, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է բոլոր լիազօրութիւնները աստիճանաբար փոխանցուին Եւրոպային եւ զայն պէտք է օժտել աւելի շատ վերահսկողական գործառոյթներով:

Մերքել նաեւ յայտարարած է, որ ելեւմտական միութեան ստեղծման համար պէտք է շրջանցել որոշ երկիրներու կարծիքները` նկատի ունենալով Ֆրանսան, որուն նորընտիր նախագահը` Ֆրանսուա Հոլլանտ Եւրոպայի կ՛առաջարկէ յաղթահարել տնտեսական ճգնաժամը` պիւտճէական ծախսերը աւելցնելու շնորհիւ: «Մենք պէտք չէ մեր ձեռքերը ծալած նստինք, եթէ մէկ կամ քանի մը երկիր չեն ուզեր մեզի միանալ», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը:

Ըստ փորձագէտներու, սպանական ելեւմտական «ողբերգական» վիճակն ու Յունաստանի մէջ քաղաքական քաոսը միայն կ՛արագացնեն ելեւմտական միութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է ամբողջովին փոխէ միասնական ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

Բրիտանացի քաղաքագէտ Սթիւ ՄըքՔորմիքի կարծիքով, «եթէ Ֆրանսա պիւտճէական պայմաններէն դուրս մնայ, Գերմանիա պիտի դառնայ հին աշխարհի միակ ղեկավարը»: Ըստ անոր, Անկելա Մերքելի առաջարկած նախագիծը այլ բան չէ, եթէ ոչ «թռիչք` «դաշնակցային պետութեան ուղղութեամբ»: Ըստ օրաթերթին, այդ պարագային նոր միութեան հսկելու համար Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Եւրոպական խորհրդարանի կարիք պիտի չզգացուի:

ՄըքՔորմիք ըսած է, որ «Պրիւքսելի դերը անկում կ՛ապրի: Բաւական պիտի ըլլայ եւրոյի գօտիի մեծագոյն վարկատուին` Գերմանիոյ կամքը տեսնել, եւ չհնազանդող երկիրները պիտի յայտնուին դրան ետեւը: Արդէն մօտիկ ապագային Պերլին կրնայ դառնալ միասնական Եւրոպայի հոմանիշը»:

Կ՛ակնկալուի, որ ելեւմտական միութեան ստեղծման ենթահողին վրայ տեղի ունենայ եւրոյի գօտիի կեդրոնական դրամատուներու միաձուլում, ինչ որ աւելի պիտի ուժեղացնէ նոր միաւորման մէջ Գերմանիոյ դերը:

«Հակառակ անոր որ համաշխարհային տնտեսութիւնը նախկինին պէս դժուարութիւններ պիտի ունենայ ու պիտի բաւարարուի թոյլ տնտեսական աճով, բայց եւ այնպէս կարելի պիտի ըլլայ աղէտը յաղթահարել: Տիկին Մերքել, այժմ ամէն ինչ ձեզմէ կախեալ է», կը գրէ օրաթերթը:

 

Share this Article
CATEGORIES