Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յուլիսին Տագնապի Շրջան Պիտի Այցելեն
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը փարիզեան հանդիպումը դրական կը գնահատէ:
«Ռուսական կողմը դրական կը գնահատէ նման հանդիպումները` քաղաքական երկխօսութեան շարունակման տեսանկիւնէն», ըսած է Լուքաշեւիչ:
Բանբերը յայտարարած է, որ փարիզեան հանդիպումը նախապէս ծրագրուած էր: «Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան խնդիրի լուծման, վերջին շրջանին շփման գիծին վրայ միջադէպերու հարցերու շուրջ», ըսած է ան:
Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին յուլիսին տագնապի շրջան այցելելու:
Անդրադառնալով Մեքսիքայի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ միացեալ յայտարարութեան, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է. «Ատիկա ցոյց կու տայ, որ ղարաբաղեան խնդիրի շուտափոյթ լուծումը կը բխի համանախագահ երեք երկիրներու շահերէն»:


