Ռուստամեան. «Ժողովուրդը Համաձայն Չէ Այս Ծրագիրին»

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ ներկայացնելով կուսակցութեան դիրքորոշումը Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը իրեն համար բաւարար չափով արդարացումներ հաւաքած է 2012-17 թուականներուն 5-ամեայ ծրագիրը չկատարելու համար: Ըստ անոր, փաստաթուղթի հիմնական գաղափարաբանութիւնն է յստակ պարտականութիւններ չստանձնելը, որպէսզի ետքը զանոնք չկատարելու համար կառավարութիւնը ներում չհայցէ:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ այստեղէն յայտնի կը դառնայ կառավարութեան ծրագիրին յայտարարողական բնոյթը: Ըստ անոր, ասոր համար դաս ծառայած է նախորդ ծրագիրը, որ գործնականին մէջ անկատար մնաց:

«Երկրորդ դասը արտաքին վտանգներու վնասներն են, որպէսզի ոչ ոք չկարծէ, թէ կառավարութիւնը անպայման պատասխան պիտի տայ իր խոստումներուն եւ նախագիծերուն համար: Բոլորը կրնան մեղաւոր ըլլալ, բացի մեզմէ: Ճգնաժամը կարելի չէ շրջանցել»,  կ՛ըսեն անոնք:

«Մենք փոքրիկ ենք եւ խոցելի: Եթէ անոր  աւելցնենք նաեւ կլիմայական վտանգները գիւղատնտեսութեան համար, ապա կառավարութենէն գործնականին մէջ ոչինչ պէտք չէ պահանջել», յայտարարեց Ա. Ռուստամեան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ այս պարագային անհասկնալի է` ի՛նչ իմաստ ունի լսել այս ծրագիրը եւ քննարկել, եթէ ընդդիմութիւնը զրկուած է անոր կատարումը վերահսկելու այս կամ այն կարելիութենէն: Ան նշեց, որ խորհրդարանը ընտրող ժողովուրդը համաձայն չէ այս ծրագիրին: «Իսկ ով որ համաձայն է, քանի մը տարիէն պիտի վայելէ իր վստահութեան պտուղները»,   աւելցուց Ա. Ռուստամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES