Ահմետ Ասիր. «Եթէ Նասրալլա Եւ Պըրրի Վերջ Չտան Իրենց Բռնատիրական Ընթացքին, Ապա Անոնց Կէսօրուան Աստղերը Ցոյց Պիտի Տամ»
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր երէկ սպառնաց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` շեշտելով, որ եթէ անոնք վերջ չտան իրենց բռնատիրական վարուելակերպին, ապա ինք պիտի ստիպուի կէսօրուան աստղերը ցոյց տալ անոնց, ինչպէս նաեւ թոյլ պիտի չտայ, որ անոնք գիշերները հանգիստ կարենան քնանալ:
Շէյխ Ասիր յայտենց, որ շիի համայնքի զաւակները մնայուն կերպով կը յարձակին սիւննի համայնքին պատկանողներուն վրայ եւ կը ճնշեն զանոնք:
Ան Հըզպալլան ամբաստանեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննելու յանցանքով եւ աւելցուց, որ 7 մայիսին Հըզպալլան յարձակում գործած է Պէյրութի դէմ:
«Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի այն իմամը, որ իմ բացակայութեանս կը հսկէ մզկիթին եւ նամազին, քանի մը օր առաջ Մաշղարայի մէջ գտնուող անցարգելի մը վրայ ձերբակալուած է իր կնոջ ու նորածին զաւկին հետ եւ 4 ժամուան համար բանտարկուած զինուորական ինքնաշարժի մը մէջ: Այս արարքին համար սէյիտ Հասան Նասրալլա եւ անոր մեղսակիցները խաղաղ կերպով, բայց եւ այնպէս սուղ պիտի վճարեն», ըսաւ շէյխ Ասիր:
«Եթէ Նեպիհ Պըրրի եւ Հասան Նասրալլա այս յարձակումներուն վերջ չտան, ապա մենք զանոնք հանգիստ պիտի չձգենք: Մենք չենք կրնար այս բռնատիրութեան հանդուրժել, եւ ինչ որ պիտի ըլլայ` թող ըլլայ», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, քաղաքական վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել այս յայտարարութիւնները նկատեց համայնքային լարուածութիւն գրգռող կեցուածքներ եւ կոչ ուղղեց անմիջապէս բանտարկել շէյխ Ասիրը:


