Նախագահ Սլէյման Այսօր Կը Նախագահէ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ Ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ` Դիմադրութեան զէնքին թղթածրարը:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ վարչապետէն իմացաւ անոր Պրազիլ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն մասին:
Քննարկուեցան նաեւ այսօր տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իսլամական արգելափակեալներուն հարցը լուծելու առումով իր պահանջները արդար էին, որովհետեւ անկարելի է տարիներ շարունակ մարդիկ արգելափակել առանց զանոնք դատավարութեան ենթարկելու:
«Մենք ենք, որ իբրեւ վարչապետ մեր պարտականութիւնները կը կատարենք, սակայն արդեօք վարչապետ ըլլալ կը նշանակէ իր քաղա՞քը լուսանցքայնացնել եւ Թրիփոլիի բնակիչներուն պահանջներուն չանսա՞լ», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ ինք ուրիշին նկատմամբ հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ, որովհետեւ այդպէս դաստիարակուած է` աւելցնելով, որ ինք Թրիփոլիի բնակիչները կը զինէ ուսման եւ գիտելիքներու զէնքով:
Քաղաքական առումով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Պրազիլի մէջ իր ունեցած հանդիպումները` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ ցոյց տուած են, որ բոլորն ալ կը հասկնան եւ կ՛ըմբռնեն Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու Լիբանանի որոշումը, որ կ՛օժանդակէ Լիբանանին պահպանելու իր ապահովական կայունութիւնը:


