Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճ. Աւարտական Դասարանի Աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի Հաշուետու Համերգ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` երկուշաբթի, 25 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ Գասպարեանի աւարտական դասարանի աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի դաշնակի հաշուետու համերգը` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, դասատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Համերգի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Աշոտ Ճենտերեճեան, որ նշեց, թէ այս համերգը աւարտական աշակերտի բազմամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող առիթ մըն է: Ան ըսաւ, որ Բալիկ Լատոյեան քոլեճի այս տարուան միակ աւարտական աշակերտն է:

Ապա խօսք առաւ աւարտական դասարանի աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեան, որ հաստատեց, որ Լատոյեան եղած է աշխատասէր, նպատակասլաց եւ համեստ աշակերտ մը, որուն հետ աշխատիլը հաճելի էր: Գասպարեան աւելցուց, որ Բ. Լատոյեան լիուլի կատարած է իրեն վստահուած պարտականութիւններն ու աշխատանքները:

Լատոյեան նուագեց Պախի, Շոփենի, Շումանի, Պեթհովենի, Պաղտասարեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ: Լատոյեան նաեւ Կոմիտասի «Գարուն ա» ստեղծագործութիւնը նուիրեց իր ուսուցիչին` իբրեւ երախտագիտութեան զգացում: Մենահամերգը փակուեցաւ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի պարը» նուագի կատարողութեամբ: Յայտնենք, որ Պաղտասարեանի ստեղծագործութեան նուագին ջութակով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հրակ Տեմիրճեան:

Դաշնակի հաշուետու համերգը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ աւարտական դասարանի աշակերտի մենակատարման, փորձառութեան ձեռքբերման եւ բազմամեայ գործունէութեան արդիւնքի միատեղման: Աշխատանք մը, որ միեւնոյն ատեն արժանացաւ ներկաներու ծափահարութիւններուն եւ գնահատանքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES