Իրան – Ազրպէյճան Յարաբերութեան Մասին Հետաքրքրական Յօդուած Մը
Ռուսական «Վեսթնիք Քաւքազա» կայքէջը չորեքշաբթի, 13 յունիսին հրապարակեց Օրխան Սաթթարովի «Թեհրան-Պաքու երկխօսութեան մէջ նոր շեշտ» խորագիրը կրող յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ վերջին շրջանին Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ նշմարուող լարուածութեան դրդապատճառներուն:
Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Իրանի ներքին կացութիւնը, այսինքն` Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի եւ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի միջեւ մրցակցութիւնը կ՛ազդէ Իրան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ: Ան կը նշէ, որ Ազրպէյճան աւանդաբար նախագահի ղեկավարութեամբ իրանեան կառավարութիւններուն, այսինքն` իրանեան իշխանութեան աշխարհիկ թեւին հետ աւելի շինիչ յարաբերութիւններ ունի, սակայն խորհրդարանական վերջին ընտրութեանց իբրեւ արդիւնք Ահմատինեժատի դիրքերուն տկարացումն ու կրօնաւորներու դիրքերուն ամրապնդումը իրենց դերը ունեցած են երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան մէջ:
Յօդուածագիրը կը նշէ, թէ որովհետեւ Ազրպէյճանի բնակչութիւնը շիի է եւ կը խօսի Իրանի հիւսիսային շրջաններու բնակչութեան լեզուն, Թեհրան չ՛ընդունիր, որ Ազրպէյճան անկախ հանրապետութիւն մըն է, որ չ՛ուզեր Թեհրանի ենթակայ պետութիւն մը ըլլալ:

