Վրաստանի Նախագահը Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ
Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի մամլոյ բանբեր Մանանա Մանճկալածէ յայտարարած է, որ Վրաստանի նախագահը 29 յունիսին Ազրպէյճան պիտի այցելէ: Այցելութեան ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում մը կը նախատեսուի:
Սահակաշվիլի հրաւիրուած է մասնակցելու Պաքուի մէջ 28 յունիսէն 1 յուլիսին տեղի ունենալիք «Քրանս Մոնթանա» տարեկան համախմբումին, որուն մասնակցելու հրաւէր ստացած են նաեւ Մակեդոնիոյ նախագահն ու այլ պաշտօնատարներ:
Համախմբումին քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Ազրպէյճանի ուժանիւթային դերը` Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակի լոյսին տակ:
CATEGORIES Միջազգային


