Նախագահ Սարգսեան Այսօր Կը Մեկնի Պելճիքա

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Պելճիքա:

Հայաստանի նախագահը Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան վեհաժողովին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթընի եւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Վիլֆրիտ Մարթենսի հետ:

Share this Article
CATEGORIES