50 Տարի Առաջ ( 28 Յունիս 1962 )
Ազգային Կեանքը
Թրիփոլիի Մէջ
Շրջանիս Համազգայինի մասնաճիւղը, իր ձեռնարկներուն մէջ միշտ նորութիւն բերելու հետամուտ, գովելի գաղափարն ունեցաւ արուեստի մնայուն օր մը նշանակել եւ անով ամրան եղանակի իր գործունէութեան փակումը կատարել` հասարակութեան հրամցնելով արուեստի զանազան մարզերէ կազմուած յայտագիր մը (երգ, պար, արտասանութիւն, ներկայացում):,
Երեկոն կոչուեցաւ «Գողթան», որ ներկայ տարեշրջանի առաջին վեցամսեային կատարուած ձեռնարկներուն ութերորդը եւ վերջինն էր: Պիտի կրկնուի ամէն տարի:
Տեղական ուժերու համեստ ճիգերով տարուած ամիսներու աշխատանքը, որ իր կանոնաւորութեամբ եւ զոհողութեան չափով կը գտնենք գնահատելի, չեկաւ յուսախաբ ընել մեզ, աւելի՛ն, տուաւ այն երաշխիքը, թէ զիրենք կարելի է հաճոյքով մտիկ ընել եւ ճիգերու նոր դասաւորումով կատարեալ յաջողութիւն արձանագրել:
Անշուշտ «Գողթան» երեկոն ունեցաւ իր թերութիւնները, պէ՛տք էր, որ ունենար: Ծանօթ ենք անոնց: Սրբագրուիլը, որպէս յառաջդիմութեան լաւագոյն ազդակ, կը մնայ մեր մտահոգութիւնը:
Երեկոյթը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 յունիսին, երեկոյեան ժամը 2:30-ին, Ազգային վարժարանին սրահը, կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան: Բացումը կատարեց Ս. Նշան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Յ. Իսկենտերեան: Նման ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը շեշտելէ ետք, զորս գտաւ յոյժ թելադրելի հայկական այլ շրջաններու համար, առ ի գիտութիւն ներկաներուն բացատրեց յիշեալ երեկոյթին Գողթան գաւառի կեանքին հետ զուգաւորուած, անով խորհրդանշուած պարագան: Գաւառ մը, որ եղաւ աղբիւր ուրախութեան, անգիր բանահիւսութիւն:
Մեր պատմահօր միջոցով մեզի հասած են միայն պատառիկներ, անհամար թուելեաց երգերէն եւ վիպասանութիւններէն, զորս, դարեր, ինչպէս կը վկայէ Մ. Խորենացին, «Ախորժով պահեցին գինեւէտ գողթն գաւառի մարդիկը…»:
Այս առթիւ Յ. Իսկենտերեան, բացարձակ անհրաժեշտութիւն համարեց, որպէս մշակոյթի օճախ, տեղւոյս ազգային վարժարանի խարխուլ գրասեղաններու անյապաղ փոխուելու պարագան, զանոնք բաղդատելէ ետք նորաշէն եկեղեցւոյ նստարաններուն հետ:
Սկսաւ յայտագրի գործադրութիւնը Յ. Իսկենտերեան սիրայօժար կերպով երգեց բացակայ երգչուհիի մը տեղ, «Այ իմ անգին»-ը, Յ. Կօնճեան, Ա. Գլըճեան զուգերգեցին «Վախենամ քնիմ»-ը, «Արծաթաշողը», Ս. Շամլեան եւ Ա. Գըլըճեան:
Մեներգեցին Ա. Խարմանտայեան, Յ. Սարգիսեան, Ա. Գըլըճեան, Ա. Նարկիզեան:
Եղան երկձայն խմբերգներ` «Ֆոռկա ֆորկա» եւ «Ծաղկաձոր»` կատարմամբ Մ. Շեմմասեանի եւ Ա. Չոլաքեանի, Ա. Շեմմասեանի, Ս. Շամլեանի, Ղ. Փիլիպպոսեանի, Յ. Կօնճեանի, Ա. Խարմանտայեանի, Վ. Նարկիզեանի, Ա. Նարկիզեանի, Ա. Գըլըճեանի եւ Ժ. Նարկիզեանի: Արտասանեցին Վ. Նարկիզեան, Ա. Թաւլեան, Ա. Չոլաքեանի:
Անմահ Յ. Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» գործէն մէկ արար ներկայացուեցաւ յաջողապէս` խաղարկութեամբ Վ. Նարկիզեանի, Ժ. Նարկիզեանի, Ա. Գըլըճեանի եւ Յ. Սարգիսեանի:
Ապա տեղի ունեցաւ հնդկական գեղեցիկ պար մը կատարմամբ Ա. Շեմմասեանի, Լ. Պայրամեանի, Ս. Պայրամեանի, Ա. Փիլիպպոսեանի, Մ. Գույումճեանի, Հ. Չոլաքեանի, Ա. Տեսփոթոփուլոսի, Վ. Մինասեանի եւ Մ. Թոփալեանի:
Պարի ղեկավարն էր ազգային վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Լուսին Փիլիպպոսեան, իսկ երգերը` Յակոբ Սարգիսեանի:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Նասրէտտին Հոճա Եւ Աթաթիւրք
Ագշեհիրցիները Տօնած Են Իրենց Հայրենակիցին 687-Րդ Տարելիցը
Նասրէտտին հոճայի ծննդավայր Ագշեհիրէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.-
Նասրէտտին հոճայի մահուան 687-րդ տարելիցին առթիւ սարքուած փառատօնը երէկ սկսաւ հազարաւոր ագշեհիրցիներու եւ երկրին այլազան կողմերէն փութացած հրաւիրեալներու ներկայութեան: Երբ քաղաքին հրապարակին վրայ մէկ կողմէ բացումը կը կատարուէր Աթաթիւրքի նորակառոյց արձանին, միւս կողմէ ալ օթոպիւս մը Նասրէտտին հոճային տարազը կրող Լութֆի Էսթեշլի անուն երիտասարդը Ագշեհիրէն տասնհինգ քմ. հեռու համանուն լիճին եզերքը տարաւ:
Լիճէն Մածուն
Լիճին եզերքը խորհրդանշական Նասրէտտին հոճան աման մը լեցուն մածունը թափեց լիճին մէջ` լիճը մածունի վերածելու դիտումով… Ինչպէս յայտնի է, որ անուանի հոճան այսպիսի փորձ մը ըրած է: Երբ իրեն հարցուցած են, որ` «Ի՞նչ կ՛ընես, հոճա՛, միթէ լիճը մածուն կը բռնէ՞»: «Հապա՞ եթէ բռնէ» պատասխանած է: Ահա այս զուարճալի դէպքը վերապրեցնելու մտօք երեսունհինգ քիլոմեթրնոց լիճին վրայ աման մը մածուն ցանցնուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի ներքեւ:
Ժամը տասնին, անկախութեան քայլերգէն յետոյ Ագշեհիրի քաղաքապետ Ալի Հասան Էօզեր բացման ուղերձը արտասանելով` շեշտեց, որ քաղաքը այսօր երկու տօն միանգամայն կը կատարէ. այն է` Աթաթիւրքի արձանին բացումը ընել եւ Նասրէտտին հոճան ոգեկոչել:
Յետոյ Գոնիայի կուսակալը եւ Բ. զօրաբանակի հրամանատար Ռեֆիք Թուլկա մէյմէկ ուղերձ արտասանեցին: Ռեֆիք Թուլկա արձանին բացումը ըրաւ` ըսելով. «Ինչպէս որ այսօր Մեծն Աթաթիւրքի մէկ արձանը կանգնեցիք, օր մըն ալ Նասրէտտին հոճայինը կանգնելու էք»: Հանդիսութեան ընթացքին Թրքական օդանաւային ընկերութեան օդանաւերը ճախրեցին: Յետոյ ներկաները հաւաքաբար հոճային դամբարանը այցելեցին: Կէսօրէ ետք ալ Նասրէտտին հոճան սրամտութիւններէն ներշնչեալ ներկայացումներ տրուեցան եւ անոր նուիրուած գիրքերուն ու թապլոներուն ցուցահանդէսը բացուեցաւ: Փառատօնը այսօր ալ պիտի շարունակուի:

