Լիպիոյ Ցեղախումբերուն Միջեւ Բախումները 105 Զոհ Պատճառած Են

Լիպիական ցեղախումբի մը զինեալները

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ ցեղախումբերու միջեւ բախումներու ընթացքին արձանագրուած է 105 զոհ եւ 500 վիրաւոր:

Բախումներուն մասնակցած են երեք ցեղախումբերու զինեալներ: Տագնապին պատճառը եղած է հողաշերտ մը, որ մէկ ցեղէն միւսին փոխանցուած է:

Բախումները կարելի եղած է դադրեցնել միայն կառավարական ուժերուն միջամտութենէն ետք:

Ցեղախումբերուն միջեւ թշնամութիւնները Լիպիոյ մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն երկրի կայունութեան եւ շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման առումով:

Նշենք, որ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի 2009-ին շարք մը զինեալ ցեղախումբերու դէմ երկրին պատերազմական օդանաւերը օգտագործած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES