«Ռուս-Վրացական Յարաբերութիւնները Մեր Մտածածէն Աւելի Արագ Պիտի Կարգաւորուին» Կ՛ըսէ Սահակաշվիլի
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին վստահութիւն յայտնած է, որ ռուս-վրացական յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին ակնկալուածէն շատ աւելի շուտ:
«Կը կարծեմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ մեր մտածածէն եւ պատկերացուցածէն աւելի արագ», ըսած է ան:
Սահակաշվիլի ընդգծած է, որ Վրաստան «Ռուսիոյ հետ իբրեւ թշնամի չի վերաբերիր, հակառակ անոր կողմէ Վրաստանի տարածքներուն գրաւման»:
«Մենք աջակցած ենք Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան Ռուսիոյ անդամակցութեան ճանապարհին: Մենք Ռուսիոյ քաղաքացիներուն համար անանցագրային համակարգ սահմանած ենք, ինչ որ նոյնպէս ռուս քաղաքացիներուն ուղղուած լուրջ պատգամ էր», նշած է ան:
Սահակաշվիլի ընդգծած է, որ Վրաստան ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարում կը կատարէ Ռուսիա, իսկ երբ վերջինս դուրս բերէ զօրքը Վրաստանէն, իսկ ատիկա, ըստ անոր, շուտով անպայման տեղի պիտի ունենայ, ապա ռուս-վրացական յարաբերութիւնները անմիջապէս պիտի կարգաւորուին:


