Մինասեան. «Բաւական Տեղեակ Եղանք Մեր Մրցակից Խումբերուն Մասին»

Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, Հայաստանի ֆութպոլի ակումբներուն եւ հաւաքականի խումբերուն գլխաւոր մարզիչները մեկնած էին Լեհաստան` ներկայ գտնուելու Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի կարգ մը մրցումներուն: Այս այցելութիւնը նախատեսուած էր «Փրօ» մարզչական արտօնագիրի դասընթացքի ունկնդիրներու ծրագիրով եւ կը հանդիսանար դասընթացքին հանգրուաններէն մէկը:

Հայրենի ֆութպոլի մասնագէտները ներկայ գտնուելով Եուրօ-2012-ի մրցումներէն ոմանց բաւական լաւ ձեւով ուսումնասիրեցին Իտալիոյ, Չեխիոյ եւ Դանիոյ կատարած մրցումները` նկատի ունենալով, որ անոնք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն պիտի ըլլան Հայաստանի մրցակիցները:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ բաւական լաւ ձեւով տպաւորուած վերադարձաւ Հայաստան` Եուրօ-2012-ի մրցաշարքին կայացման գծով:

Ինչ կը վերաբերի 2014-ի Մոնտիալին, Հայաստանի երեք մրցակիցներուն մասին Մինասեան ըսաւ, որ «շատ լաւ գաղափար մը կրցանք ունենալ անոնց թէ՛ զօրաւոր եւ թէ՛ ալ տկար կողմերուն մասին»: Ասկէ մեկնելով Մինասեան ըսաւ, որ այդ հիման վրայ պիտի սկսի իր կազմը նախապատրաստել 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին:

 

Share this Article
CATEGORIES