Եուրօ-2012. Տիտղոսակիր Սպանիա Փենալթիներով (4-2) Դուրս Ձգեց Փորթուգալը. Այսօր` Գերմանիա – Իտալիա

Երէկ տեղի ունեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Տոնեցքի մէջ (Ուքրանիա) իրարու դէմ ճակատեցան տիտղոսակիր Սպանիա եւ Փորթուգալ` 48 հազար համակիրներու ներկայութեան:

Մրցումին Ա. կիսախաղին երկու կազմերը փորձեցին իրենք ըլլալ նախայարձակը եւ ամէն ճիգ ի գործ դրին կոլ նշանակելու համար, մանաւանդ Սպանիա, որ կ՛աճապարէր կոլ նշանակելու: Սակայն երկուքին փորձերը անցան ապարդիւն: Բ. կիսախաղին եւս նոյնը կրկնուեցաւ, սակայն համեմատաբար աւելի քիչ եղան կազմակերպուած յարձակումները:

Փորթուգալի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կորսնցուց քանի մը ստոյգ առիթներ (ազատ հարուածներով)` հարուածելով բերդէն բարձր:

90 վայրկեաններէն ետք, երկարաձգման 30 վայրկեանները եւս աւարտելով ճերմակ հաւասարութեամբ, դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն:

Տիտղոսակիր Սպանիա ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փորթուգալի, որ իսկապէս յաջողեցաւ բաւական լաւ եւ տպաւորիչ խաղարկութիւն մը ցուցաբերել:

Անտրես Ինիեսթայի, Ժերար Փիքէի, Սերճիօ Ռամոսի եւ Սեսք Ֆապրեկասի փենալթիները մուտք գործեցին Փորթուգալի բերդապահ Ռուի Փաթրիսիոյի բերդին մէջ, մինչ Զապի Ալոնսոյի հարուածը զսպուեցաւ: Փորթուգալէն միայն Փեփէ եւ Նանի կոլ նշանակեցին: Ժոաօ Մութինիոյի հարուածը զսպուեցաւ խմբապետ Իքեր Քասիասի կողմէ, իսկ Պրունօ Ալվեսի հարուածը` Սպանիոյ բերդին սիւնին կողմէ:

Արձանագրուած այս յաղթանակը Քասիասի համար եղաւ անմոռանալի օր մը, որովհետեւ ան Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ արձանագրեց իր 100-րդ յաղթանակը:

Սպանիա այժմ լաւագոյն առիթը ունի` հանդիսանալու համար առաջին խումբը, որ տիտղոսը կը պահէ իր մօտ, անշուշտ եթէ կարենայ աւարտականին յաղթել Գերմանիա – Իտալիա մրցումին յաղթականին: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին:

Նշենք, որ երէկուան մրցումը Անգլիա – Իտալիա ճակատումէն ետք հանդիսացաւ երկրորդը, որ երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ փենալթիներու հարուածներով:

Երէկուան մրցումին գնդակը Սպանիոյ տիրապետութեան տակ եղաւ 57 տոկոսով: Օրուան իրաւարարը 9 անգամ գործածեց իր դեղին քարտը, հինգը` Փորթուգալի մարզիկներուն դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES