Հարիրի Քաղաքական Որոշ Կողմեր Կը Մեղադրէ Ապահովութիւնը Խախտողները Հովանաւորելու Յանցանքով

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ որեւէ շարժում, որ կը միտի երկրին մէջ խուճապ ստեղծել եւ իրարանցում պատճառել, ինչ ալ ըլլայ անոր ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը եւ համայնքը, մերժելի է: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին ժողովրդավարական առումով իրենց ազատ կարծիքը արտայայտելու, սակայն ոչ բռնարարքներով եւ երկրին մէջ ապահովական խախտումներ ստեղծելով:

Հարիրի հաստատեց, որ Պէյրութի մէջ նախորդող օրերուն լիբանանցիին ապրած իրարանցումն ու խուճապը կանխամտածուած արարք էր` աւելցնելով, որ քաղաքական կարգ մը կողմեր պատասխանատու են երկրին ապահովութիւնը խախտող կողմերը հովանաւորելուն` ընդգծելով միաժամանակ, որ քաղաքական հովանաւորութեան կողքին, անոնք յանցագործներուն կը տրամադրեն նաեւ գումակային օժանդակութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES