Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արգիլեց Ամերիկեան Սպառազինութիւններու Վաճառքը Ազրպէյճանին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանը դուրս բերած է ցանկէն այն երկիրներուն, որոնք կրնան ամերիկեան սպառազինութիւն ստանալ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ քայլին դիմած է` նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի այն մտավախութիւնները, զորս առաջին անգամ բարձրացուցած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Հաուըրտ Պըրմըն: Վերջինս նշած էր, որ Ալիեւի վարչակարգը ամերիկեան սպառազինութիւնը կրնայ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ շարունակուող յարձակումներուն ընթացքին օգտագործել:
Քոնկրեսական Պըրմըն վերոնշեալ որոշումին մասին արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական տեղեկութիւն ստանալէ ետք ըսած է. «Արտաքին գործոց նախարար Քլինթընի այս որոշումը հայ ժողովուրդի եւ շրջանային խաղաղութեան շահերէն կը բխի»:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի կառավարական գործերով ղեկավար Քէյթ Նահապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պըրմընին` անմիջապէս գործելուն համար:
Պըրմըն 29 մայիսին նամակ յղած էր արտաքին գործոց նախարարութեան` խոր մտահոգութիւն յայտնելով Ազրպէյճանին զինուորական սարքեր վաճառելու մտադրութեան նկատմամբ: Եւ ուղղակի կերպով Քլինթընին կոչ ուղղած էր կանխարգիլելու Պաքուի հետ զինուորական այդպիսի գործակցութիւնը:


