Բժիշկ Սպայ Վահէ Աւետեանի Մահը Հասարակական Խոր Ընդվզում Կը Յառաջացնէ Հայաստանի Մէջ
29 յունիսին մահացած է 17 յունիսին «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ ծեծի ենթարկուած պաշտպանութեան նախարարութեան սպայ Վահէ Աւետեան: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական ռազմական հիւանդանոցէն:
Տեղի ունեցած դէպքէն ետք Վահէ Աւետեանի վիճակը բաւական ծանր յայտարարուած էր, օրերու ընթացքին ոչ մէկ բարելաւում արձանագրուած էր:
Նշենք, որ «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ ծեծի ենթարկուած եւ հիւանդանոց փոխադրուած էին Վահէ Աւետեան, բժիշկ Արտակ Բայադեան եւ Գարիկ Սողոմոնեան:
Մամուլին մէջ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ անոնք ծեծի ենթարկուած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի հանրապետական պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի թիկնապահներուն կողմէ` անոր ցուցմունքով: «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրը կը պատկանի Ռուբէն Հայրապետեանին, որ միեւնոյն ժամանակ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահն է:
Սպայ Վահէ Աւետեանի մահը Հայաստանի տարածքին հասարակական խոր ընդվզում յառաջացուց: Շաբաթ երեկոյեան Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան բազմաթիւ գործիչներու մասնակցութեամբ «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Մասնակիցները մասնաւորաբար պահանջեցին Ռուբէն Հայրապետեանի խորհրդարանական անձեռնմխելիութեան վերցուիլը եւ ոճիրը իրագործողներուն անյապաղ պատժուիլը: Նոյնպիսի պահանջներով բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ նաեւ երէկ` նախագահական նստավայրին դիմաց:
ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէն յատուկ հաղորդագրութիւն հրապարակելով, դատապարտեց սոյն ոճիրը: Այսօր տեղի կ՛ունենայ բժիշկ սպային յուղարկաւորութիւնը խոր ցասումի մթնոլորտի մը մէջ:


