Պիչ-Վոլիպոլի Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սաատէ – Ֆարես Տղոց, Իսկ Ապու Ժաուտէ – Ատրա` Աղջկանց Ախոյեան
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի Պիչ-վոլիպոլի Լիբանանի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումները` Պի. Վի. Պի. ակուբին (Քեսրուան) դաշտերուն վրայ:
Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Ալեն Սաատէ – Նատեր Ֆարես զոյգը, որ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Էլի Ապի Շատիտ – Ճօ Քազզի զոյգին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականին, անիկա աւարտեցաւ Սիմոն Ապու Ժաուտէ – Միրա Ատրա զոյգին յաղթանակով, որ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով Թերեզա Ֆիհաթի – Անտրէա Ապի Սաապ զոյգը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին անդամներուն ձեռամբ:
CATEGORIES Մարզական


