ՏԵՍԱԿԷՏ. ՁՐԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Թրքական մամուլին կողմէ 12 յունիսին նախատեսուած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թրքական կուսակցութեանց ընտրացանկերուն հրապարակումէն ի յայտ եկաւ, որ մեծագոյն չորս կուսակցութիւններէն ոչ մէկը իր ընտրացանկին վրայ առած է հայ թեկնածու մը: Հայ թեկնածուներու առաջադրումը արժանացած էր  միջազգային մամուլին ուշադրութեան: «Հերըլտ Թրիպիուն» օրաթերթը գրած էր, որ այդ քայլով Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն դիմաց կը բացուին քաղաքականութեան դռները: Թրքական «Զաման» օրաթերթը իր կարգին նշած էր, որ այդ մէկը կարելիութիւն կ՛ընծայէ, որ 45 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտնուին ազգութեամբ հայ թեկնածուներ:

Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ ազգայնական զգացումներու աճի լոյսին տակ թրքական կուսակցութիւնները ընտրական հաշիւներով նախընտրեցին իրենց ընտրացանկերէն դուրս ձգել հայ թեկնածուները` այդպիսով ոչ միայն թրքահայերուն դիմաց քաղաքականութեան դռները փակ պահելու աւանդութիւնը շարունակելով, այլ նաեւ պետական պաշտօն վարելու անոնց քաղաքացիական տեսական իրաւունքը գործնականապէս ոտնահարելով: Սակայն ժողովրդային ասացուածքին համաձայն` ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ:

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու գոյութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար բանակցող եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ պայքարող թրքական իշխանութիւններուն քարոզչական լայն կարելիութիւններ պիտի ընծայէր: Այդ հայազգի երեսփոխանները թրքական իշխանութիւններուն ձեռքը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ պայքարի եւ հայութեան պառակտման կարեւոր լծակի մը կրնային վերածուիլ: Անոնք «կարեւոր առաքելութիւններով» Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւեր քննարկող խորհրդարաններուն մօտ կրնային գործուղուիլ, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքին հետ կապ հաստատելու թրքական նոր քաղաքականութեան գործադրութեան ծիրին մէջ այլազան դերակատարութեանց շարքին «չափաւորական» սփիւռքահայերու եւ թրքական իշխանութեանց միջեւ կամուրջի մը վերածուիլ:

Ճիշդ է, որ թուրք քաղաքագէտները ընդհանրապէս իմաստուն են, սակայն բարեբախտաբար նաեւ գործնապաշտ են: Անոնք իրենց ընտրական հաշիւներուն ստիպողութեան տակ այս քայլին դիմեցին` հայութիւնը փրկելով հաւանական անախորժ կացութիւններէ: Շնորհակալութիւն:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES