Մարգարեան. «Արտաքին Ուժեր Կը Միջամտեն Դաշնակցութեան Ներքին Գործերուն
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ արտաքին ուժեր այսօր կը միջամտեն ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին գործերուն, կը փորձեն խնդիրներ ստեղծել կուսակցութեան մէջ եւ նպատակ ունին փոխել ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութիւնը: Մարգարեան այս յայտարարութիւնը կատարեց պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ ճիշդ են լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք ՀՅԴ-ի մէջ յառաջացած են լուրջ հակասութիւններ:
«Մենք կենդանի օրկանիզմ ենք, եւ աւարտած են ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին, մեղմ ըսած, մենք փայլուն արդիւնք չենք ունեցած: Եւ շատ բնական է, որ կուսակցութեան մէջ ըլլան դժգոհութիւններ, մտահոգութիւններ, տարբեր կարծիքներ: Ասիկա բնական է: Եթէ չըլլային պիտի նշանակեր, որ մենք առողջ կուսակցութիւն չենք», ըսաւ Հրանդ Մարգարեան` աւելցնելով. «Բայց հարցը ատոր մասին չէ: Այն, ինչ որ այսօր մամուլին մէջ կը փորձեն ներկայացնել, բացարձակ սուտի վրայ հիմնուած է»:
Հրանդ Մարգարեան շարունակեց. «Եւ նպատակ կայ. երբ մենք լաւ արդիւնք չենք ունեցած, պարարտ հող կը ստեղծուի արտաքին միջամտութիւններու համար: Մեզի խորհուրդ կու տան, որ պէտք է ամերիկեան ուժ դառնաք, մեզի խորհուրդ կու տան, որ պէտք է խորհրդարանական պայքարէն հրաժարիք` իբրեւ թէ պէտք է միայն յեղափոխական կուսակցութիւն դառնանք: Մեզի խորհուրդ կու տան, որ Ղարաբաղի մէջ որո՛ւն թեկնածութիւնը պաշտպանենք, որո՛ւնը չպաշտպանենք: Այս տեսակ խորհուրդները շատ են: Անոնք միջամտութիւններ են: Կը փորձեն ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ խնդիրներ ստեղծել»:
Հ. Մարգարեան տեղեկացուց, որ 5 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը:
«Բնականաբար, նախքան ժողովը նորէն արտաքին միջամտութիւնը սկսաւ շատնալ: Գիտեմ, որ մեր կազմակերպութեան մէջ հարցերը այդպէս չեն քննարկուիր եւ հաւատացած եմ, որ այս ժողովը պիտի գայ, բոլոր տարաձայնութիւնները պիտի փարատին եւ ինչպէս միշտ` այն, ինչ որ գրուած է մամուլին մէջ, սուտ դուրս պիտի գայ», աւելցուց Հրանդ Մարգարեան:

