2012-Ի Լոնտոնի Ողիմպիական. Ոսկի Մետալի Տիրացած Հայ Մարզիկները Պիտի Ստանան 30 Միլիոն Դրամ

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն մետալի տիրացող հայ մարզիկներուն խոստացած է տալ նիւթական պարգեւներ: Այսպէս, ոսկի մետալի տիրացողը պիտի ստանայ 30 միլիոն դրամ, իսկ արծաթ եւ պրոնզ մետալի տիրացողները` յաջորդաբար 20 եւ 10 միլիոն դրամ:

Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին տրամադրութեան տակ դրած է 180 միլիոն դրամ, որ սակայն այդ նիւթական պարգեւները չի ներառեր:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Հայաստան 25-ի փոխարէն կրնար 30 մարզիկով մասնակցիլ: Ամէն ճիգ ի գործ դրինք, որպէսզի Երջանիկ Աւետիսեանի եւ Ռոման Ամոյեանի համար տոմս ապահովենք, սակայն բոլոր նամակները եւ խնդրանքները մնացին անպատասխան: Լոնտոն մեկնելով եւ կազմակերպիչներուն հետ տեսնուելով անոնցմէ խնդրեցի, որ մեր դրացի երկիրներուն պատուիրակութիւններէն հեռու տեղ տրամադրեն մեզի, որպէսզի խնդիրներէ խուսափինք: Այս մէկը ես յաջողեցայ իրագործել Փեքինի Ողիմպիականին»:

Ըստ Գաբրիէլեանի, Լոնտոնի Ողիմպիական աւանին մէջ Հայաստանի դրօշակը պիտի բարձրանայ 21 յուլիսին: Իսկ 29 յուլիսին Լոնտոնի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր արարողութիւն:

Աւարտելով իր խօսքը` Գաբրիէլեան ըսաւ. «Առանձին պարգեւատրում կրնայ կատարել նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան: Ան 2008-ին Փեքինի Ողիմպիականի մարզիկներուն 700 հազար ամերիկեան տոլար խոստացաւ: Կը յուսամ, որ այս տարի եւս ան յարգէ իր խոստումը եւ նոյնքան գումար տրամադրէ ոսկի մետալակիրին»:

 

Share this Article
CATEGORIES