Թենիս. Ամերիկահայ Տիգրան Մարտիրոսեան Մաս Պիտի Կազմէ Հայաստանի Ազգային Խումբին

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնէն` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ Տիգրան Մարտիրոսեան այսուհետեւ մաս պիտի կազմէ Հայաստանի ազգային խումբին:

Մարտիրոսեան, որ այժմ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքի մը, աշխարհի 400 լաւագոյն մարզիկներուն ցանկին մէջ է:

Հայաստանի հաւաքականին անոր միացումը անկասկած իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հայրենի կազմին արձանագրելիք արդիւնքներուն վրայ, մանաւանդ` թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին գծով, ուր Հայաստան Եւրոպայի 3-րդ դասակարգին մաս կը կազմէ: Անցեալին Հայաստան մաս կազմելով 2-րդ դասակարգին, փորձեց բարձրանալ առաջին դասակարգ, սակայն Երեւանի մէջ պարտութիւն կրեց Իրլանտայէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES