Լորընս Ռիթըրի Գիրքը` Սուինի Մնացորդացը. Անատոլուի Մէջ Չորս Սերունդ Հայ Մնալ Յաջողածներ Կան

Հրանդ Տինք կ՛ըսէր, թէ «1915-ը խօսինք ոչ թէ մեռածներու, այլ մնացողներու վրայով»: Իսլամացած կամ բռնի իսլամացուած հայերու մասին ընկերաբան Լորընս Ռիթըր, իր կողակցին եւ լուսանկարիչ Մաքս Սվազլեանին հետ Թուրքիոյ չորս կողմը պտտելով` ծանօթութիւններ հաւաքած եւ ամփոփած է «Լէ ռեսթ տէօ լէփէ» (սուինի մնացորդացը) գիրքին մէջ: Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք «Ակօս»-ի լրագրող Լիլիթ Գասպարեանի զրոյցը հեղինակին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ուրկէ՞ է ձեր հետաքրքրութիւնը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ծածուկ կամ ազատեալ կամ ալ դաւանափոխ հայերուն մասին նախնական ծանօթութիւնները ստացայ Մարսէյի մէջ Ռաքել Տինքի ազգականներէն, երբ տոքթորայի աւարտաճառս կը պատրաստէի (2000-2005): Այս նիւթին շուրջ սորվածներս գիրքի մէջ ամփոփել մտածեցի Հրանդ Տինքին հետ խորհրդակցելէ ետք: Հրանդ կ՛իշխէր այս նիւթին: Այս մարդիկը ուսումնասիրելը խղճի հարց մըն էր ինծի համար: Որովհետեւ պատմելիք շատ բան ունին… Ասոնց իսլամացուած կամ դաւանափոխ կարելի է ըսել, սակայն այս մէկը միայն կրօնական հարց չէ, առաւելաբար մշակոյթի եւ ինքնութեան խնդիր է: Ուզեցի հանդիպիլ, իրենքզիրենք տակաւին հայ զգացող այս մարդոց հետ կապ հաստատել ուզեցի:

Հ.- Ինչպէ՞ս անցաւ աշխատութեան շրջանը:

Մաքս Սվազլեան

Պ.- Բոլոր տեսակցութիւնները եւ ճամբորդութիւնները նախօրօք պատրաստուած էին: Ապա թէ ոչ պտոյտի ձեւով երթալ, զիրենք գտնել եւ խօսեցնել կարելի պիտի չըլլար: Պատահեցաւ, որ 4-5 հազար քմ ճամբայ կտրեցինք: Շատ լաւ տեղեակ էինք, թէ որո՞ւ եւ ինչո՞ւ կը դիմենք: Իրենց խնդրանքով մեր տեսակցած անձերուն անունն ու վայրը փոխեցինք: Իրենց ապրած շրջանակին մասին վախ կը զգային. «Այսպէս ապրեցանք, այսպէս ալ թող շարունակուի, աղմուկ հանելու հարկ չկայ», մտածումով շարժեցան:

Հ.- Այս աշխատութեան գլխաւոր ստուգումը ի՞նչ եղաւ:

Պ.- Իսլամացուած հայերն ու գաղտնի հայերը որոշապէս կը զանազանեմ: Երբեմն շրջաններու մէջ չորս սերունդ հայ մնացած, իրարու միջեւ ամուսնացած եւ իրենց բարբառը պահած հայեր կան: Ոմանք իրենց քրիստոնէական բարքերը դեռ կիրարկելով հանդերձ, իրենց շրջանակին մէջ հաւատացեալ մահմետականներ կը ճանչցուին: Ասոնք գաղտնի հայեր են, մինչդեռ իսլամացած հայերը մեծամասնութիւն են եւ հարկ է ըսել, թէ իսլամութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն: Անոնց համար վերադարձ չկայ: Այս մարդիկը պիտի շարունակեն այսպէս ապրիլ: Ասոնցմէ շատերուն համար հայութիւնը` իրենց նախնիքին հայ եղած ըլլալու գիտակցութիւնն է: Ոմանց համար ալ հայութիւնը պարզապէս պրպտելու հարց է. մինչեւ Երեւան կ՛երթան ազգական փնտռելու:

Հ.- Երբ օտարի մը աչքով նայիք, ձեր դէմ ելած դէպքը հայկական տեսակէտէ ի՞նչ իմաստ ունի:

Պ.- Երբ այս աշխատութեան սկսայ, չէի սպասեր, որ այս մարդիկը «Ես հայ եմ» պիտի ըսէին: Միակ նպատակն էր մինչեւ 1915 երկարող ճամբու մը քարտէսը գծել: Փորձեցի գիտնալ, թէ ո՛վ մեռաւ, ովքե՞ր սպաննուեցան, ովքե՞ր իսլամ դարձան կամ բռնի իսլամացան: Ուզեցի երեւան հանել, թէ ինչպիսի՛ շրջան մը ապրուեցաւ: Թերեւս կողակիցս այսպէս չի խորհիր, սակայն ասիկա ինծի համար շատ կարեւոր էր: Երբեմն կրօնը, մշակոյթը եւ քաղաքականութիւն տարբեր բաներ են: Գոյութիւն ունին տարբեր «ես»-եր: Իսկութեան մէջ ո՛չ կրօնը, ո՛չ լեզուն, ո՛չ ալ ցեղանունը պաշտպանուեր է: Ասիկա Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ կաթոլիկ դարձած հրեաներուն վիճակին շատ կը նմանի: Անոնք ալ բռնի կաթոլիկ դարձած էին, բայց գաղտնօրէն իրենց կրօնը կ՛ապրէին: Հետաքրքիր եմ, թէ գաղտնի հայերուն հարցը ինչպէ՛ս պիտի լուծուի: Ես այս բանը աւելի հայերուն ապագայ վարմունքին եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման կը կապեմ:

Հ.- Թուական տուեալ մը ունի՞ք:

Պ.- Չեմ ուզեր այս մասին բան մը խօսիլ, որովհետեւ ասիկա մեծ հարցման նշան մըն է: Ո՞վ կը համարենք: Մեծ մայրը հայ եղո՞ղը, անոր թոռնե՞րը, ապա թէ ոչ` գաղտնի հայերը: Չեմ գիտեր, ես չեմ կրնար համրել: Արդէն ինծի համար այս չէ հարկաւորը: Ես աւելի կը նայիմ, թէ այս մարդիկը ինչպէ՛ս ծանօթացնեն իրենք զիրենք: Հրանդ Տինք մէկէն երեք միլիոնի միջեւ կ՛ենթադրէր: Եթէ մեծ մայրերը եւ անոնց թոռները համրենք, հարկաւ թէ ճիշդ էր: Սակայն, ըստ իս, այսօր «Անատոլուի մէջ երեք միլիոն հայ կայ» ըսել` ազգայնամոլութեան յաւելում կը բերէ:

Հ.- Կը կարծէ՞ք, թէ այս նիւթը Թուրքիոյ եւ հայոց համար կարեւոր է:

Լորանս Ռիթըր

Պ.- Թուրքիոյ եւ հայերուն համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարց է: Որովհետեւ անցեալի, այժմու եւ ապագայի համար ամենակարեւոր եւ ուժով կապը այս է: Թուրքիա այս հարցը ուրանալով` 1915-ին քովէն անտես չի կրնար անցնիլ: Այսօր Անատոլու բնակող այս մարդիկը 1915-ի փաստերն են, կարելի չէ նկատի չառնել այս մարդիկը: Այսօր Անատոլուի մէջ բազմաթիւ քիւրտեր ձեզի կրնան ցոյց տալ հայերու ապրած հին տուները, անոնց գերեզմանները: Այս քիւրտերուն ընտանեկան ծառին մէջ անպայման հայ մը կայ: Իմ ճամբորդութիւններուս մէջ շատ քիւրտեր մտիկ ըրի: Անոնց մօտ 1915-ի վերաբերեալ զանազան անկիւններէ ձեռք առնուած մեծ յիշողութիւն մը կայ:

Հ.- Իսլամացած հայերու արդի հայ ինքնութեան մէջ գրաւած տեղը ի՞նչ է:

Պ.- Նախ պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ է արդի հայը: Երեւանցին եւ պոլսահայը, Մարսէյի եւ Լոս Անճելըսի հայը նոյնը չեն: Երբեմն մարդիկ «իսլամացուած հայեր» չեն, ոմանք ալ` ճիշդ հակառակը: Գիրքիս եւ թեզիս մէջ սա է, որ կ՛ըսեմ. «4-րդ սերունդ հայը եւ 1920-ներու հայը նոյնը չեն»: Ամէն մարդ տարբեր բացատրութիւն կրնայ տալ իր հայութեան կապակցութեամբ: Սակայն զանոնք միացնող միակ բան մը կայ: Հայ ինքնութեան ապագային համար ամէն մարդ հայութիւնը իրեն համեմատ, իր ուզած ձեւով մէջտեղ պէտք է դնէ: Զոր օրինակ, պէտք չէ, որ հայութեան ամենակենսական տարրը ըլլայ հայերէն խօսիլը: Հայ ինքնութիւնը ապրելու համար տարբեր միջոցներ կան: Զոր օրինակ, իմ կողակիցս այս բանը ըրաւ Հայաստան տեղափոխուելով, ուրիշ մը երաժշտութեամբ կամ գրականութեամբ կրնայ ընել: Պայման չէ մէկուն նմանիլ, որովհետեւ բազմամշակոյթը ազգի մը յառաջընթացը ցոյց կու տայ: Այլեւս պէտք է դուրս ելլել «Հայութիւնը հաւասար է հայերէն առաւել քրիստոնէութիւն» կաղապարէն:

Հ.- Հայաստան եւ սփիւռք ինչպէ՞ս կը նային այս նիւթին:

Պ.- Երեւանի մէջ շատ զգայուն մօտեցում մը կայ այս նիւթին: Որովհետեւ եթէ օր մը սահմանը բացուի, այս գաղտնի եւ իսլամացուած հայերը անպայման պիտի ուզեն Հայաստան երթալ: Անտեղի մարդիկն ալ «Ասոնք իսկական հայ չեն, ասոնց հայութիւնը ձեւական է», պիտի ըսեն եւ անհանգիստ պիտի ըլլան: Սակայն ոմանք ալ նոյն Հայաստան երթալով` իրենց ցեղը պիտի պրպտեն, մեր մշակոյթը եւ լեզուն մօտէն ապրիլ խորհելով` պիտի ուրախանան: Նայելով գրքին մէջ տեղադրուած օրինակներուն` պիտի տեսնէք, թէ ոմանք որոշած են Հայաստան հաստատուիլ:

Հ.- Հապա սփի՞ւռքը:

Պ.- Կը կարծեմ, թէ սփիւռքը նոյնքան տաքուկ չի նայիր: Մինչդեռ անոնք ալ նոյն հողերուն զաւակներն են եւ զիրենք ալ պէտք է մօտէն հետաքրքրէ: Կը յուսամ, որ այս գիրքը օգնէ, որպէսզի սփիւռքի հայերն ալ նկատեն իսլամացած հայերուն հայեացքը եւ աչքէ անցընեն անոնց արժեւորումները:

Հայերէնի թարգմանութիւն
ԱՐԱ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES