ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐՈՒԻ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը հրաւիրուած է Թուրքիա` մասնակցելու  ՄԱԿ-ի միջազգային համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 9-13 մայիսին` Պոլսոյ մէջ:

Ըստ թրքական «Զաման» օրաթերթին, համաժողովին մասնակցելու հրաւէր ստացած են նաեւ Ֆրանսայի, Իսրայէլի եւ այլ երկիրների նախագահներ, նոյնիսկ` Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի:

Յայտնենք, որ այդ միջազգային համաժողովին հրաւէրները կ՛ուղարկէ ոչ թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, այլ` ՄԱԿ-ը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ Սլովենիա պիտի մեկնի:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Սլովենիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ  կը նախատեսուին շարք մը մարզերու մէջ հայ-սլովենական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրում եւ հանդիպման արդիւնքներու ներկայացում` զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ հանդիպման ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES