Գահիրէի Մէջ Մուրսի – Տաւութօղլու Հանդիպում

Տաւութօղլու եւ Մուրսի

«Արապիա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երկուշաբթի օր Գահիրէի մէջ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար Եգիպտոսի հետ բոլոր մարզերուն մէջ ձեռք ձեռքի աշխատելու: Ան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ծաղկող յարաբերութեանց կարեւորութիւնը շեշտած է:

Տաւութօղլու Եգիպտոսի նորընտիր նախագահը Թուրքիա հրաւիրելէ ետք յայտնեց, որ իր երկիրը Մուրսիի ղեկավարութեամբ եգիպտական նոր իշխանութիւններուն նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունի` շեշտելով, որ աշխարհը «ուժեղ Եգիպտոս»-ի մը կարիքը ունի: Ան աւելցուց, որ Եգիպտոս «ապագային բազմաթիւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ»:

Թրքական «Ուըրլտ պուլեթին» կայքէջը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ ինք Գահիրէ եկած է «ճերմակ էջով», եւ Թուրքիա Եգիպտոսի հետ անսահման գործակցութեան պատրաստ է:

Տաւութօղլու Մուրսիի հետ իր հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսաւ, որ շրջանին մէջ կայունութեան համար Եգիպտոս պէտք է աւելի ուժեղ ըլլայ: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան պիտի նպաստէ:

Տաւութօղլու յեղափոխութեան եւ նախագահական ընտրութեան համար շնորհաւորեց եգիպտացիները` աւելցնելով, որ Եգիպտոս յառաջիկայ հանգրուանին կրնայ տնտեսական հարցերը դիմակայել:

Միւս կողմէ, Տաւութօղլու «Սքայ Նիուզ»-ի արաբերէն ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «եգիպտացիները մեծ յեղափոխութիւն մը իրագործեցին ոչ թէ Թահրիր հրապարակին վրայ, որ մարդկային խղճի արտայայտութեան միջազգային մակնիշի վերածուեցաւ, այլ` արդար ու թափանցիկ նախագահական ընտրութիւններ կատարելով եւ Եգիպտոսի նախագահ մը ընտրելով»:

Ան Եգիպտոսը նկատեց «արաբներուն ուղեղը»` յայտնելով, որ «Եգիպտոս առանց Սուրիոյ կամ Լիպիոյ մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները ապրելու կրցաւ հանգրուանը շրջանցել եւ իր նախագահը ընտրել»:

Ան շեշտեց, որ «Եգիպտոսի նախագահ ընտրելը հարցին աւարտը չէ, ոչ ալ վերջին սկիզբը, այլ` սկիզբին աւարտը»` նշելով, որ «եգիպտացիները տակաւին երկար ճամբայ ունին կտրելիք»:

Տաւութօղլու Իսլամ եղբայրներու Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան կոչ ուղղեց` «ողջմիտ կերպով շարժելու եւ եգիպտացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հոգալու, եւ ասիկա շատ կարեւոր հարց մըն է»:

 

Share this Article
CATEGORIES