Դահուկարշաւ. 2012 Տարուան Մրցանակաբաշխում
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2012 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէներու անդամ Թոնի Խուրիի:
Այս պարգեւատրումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի անդամները, ակումբներու նախագահներ եւ պատասխանատուներ, տիտղոսակիրները եւ անոնց ծնողները:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Էտմոն Քէյրուզ յայտարարեց, որ Ասիոյ 2014-ի կրտսերներու դահուկարշաւի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ:
CATEGORIES Մարզական


