Կարճ Լուրեր` Ֆութպոլիստներու Առօրեայէն
Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ կեդրոնի յետսապահ Թիակօ Սիլվա Թիակօ իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելով իր ակումբին հետ, այսպիսով, մինչեւ 2017 պիտի մնայ «Սան Սիրօ»:
Նախորդ ամիս իր կազմին միացնելու համար 27 տարեկան պրազիլցի Սիլվան, Փարիզ Սեն Ժերմեն իտալական ակումբին առաջարկեց 46 միլիոն Եուրօ: Եթէ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի այս առաջարկը ընդունէր, անոր փոխանցումը` իբրեւ յետսապահ, աշխարհի նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատէր:
ՊՐԱԶԻԼՑԻ յետսապահ Ռաֆայէլ, որ չորս տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ, այսպիսով մինչեւ 2016 պիտի մնայ «Օլտ Թրեֆորտ»:
21 տարեկան Ռաֆայէլ, որ 2008-ին միացաւ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմին, երկուորեակ եղբայրն է Ֆապիոյի, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Եունայթըտի:
ԱՐԺԱՆԹԻՆՑԻ յառաջապահ Էզեքուիել Լաւեցցի իր ակումբը` Նափոլին լքելով, միացաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի: 27 տարեկան Լաւեցցի չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լիկ-1»-ի խումբին հետ:
Անոր փոխանցման մասին թէեւ պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ըստ մամուլին, Սեն Ժերմեն անոր համար վճարած է 30 միլիոն եւրօ:
Ան Արժանթինի հետ 16 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ:
ԼԻՈՆԻ պրազիլցի միջնապահ Էտերսոն, ազատ փոխանցումով մը միացաւ Լացիօ Ռոմայի: 26 տարեկան պրազիլցին, որ աւելի քան 100 մրցում կատարեց ֆրանսական ակումբին հետ, մինչեւ 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:



