Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Էօ. Էն. Պէ. Հանդիսացաւ Գ. Դասակարգի Ախոյեան

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Էօ. Էն. Պէ. 86-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 2-0 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անուարը, հանդիսացաւ Գ. դասակարգի ախոյեան:

Աւարտական այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, որ մրցումը աւարտելէն ետք ախոյեանութեան տիտղոսը տուաւ յաղթական կազմին:

Վերոնշեալ երկու խումբերուն հետ Բ. դասակարգ բարձրանալու յոյս ունի նաեւ Ամալ Պիքֆայա (Գ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին 3-րդ դիրքը գրաւած), որ փլէյ-օֆի մրցումը պիտի կատարէ Լուէյզիի հետ:

Share this Article
CATEGORIES