ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան լիբանանցիները զգուշացուց Լիբանանին սպառնացող դաւադրութիւններէն եւ սադրանքներէն:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ դրուած է, որպէսզի Լիբանանի դրամական կայունութիւնը չխախտի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նաամթալլա Ապի Նասըր հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական նախկին հաւասարակշռութիւնները փոխուած են` աւելցնելով, որ այդ փոփոխութիւնը արդէն իսկ փաստուեցաւ վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է` նշելով միաժամանակ, որ կառավարութիւնը կազմելու հոլովոյթին առումով դրական մթնոլորտ կը տիրէ, իսկ անոր կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եղբայրը` Թահա Միքաթի նախանցեալ օր այցելած է Դամասկոս, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը յանգած է 30 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը կազմելու պատկերացումին:

ՊԱՀՐԷՅՆԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Ազիզ Քազզի յայտնեց, որ Պահրէյնի իշխանութիւնները 19 լիբանանցիներ հեռացուցած են Պահրէյնէն` առանց բացատրութիւն ներկայացնելու այդ քայլին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ սիւննի համայնքի ընդդիմութեան ներկայացուցչութիւնը` նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ, բնական երեւոյթ է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ բարձրաստիճան պատասխանատու մը քաթարեան «Շարք» օրաթերթին յայտնած է, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական վերիվայրումներն ու լարուածութիւնը պատճառ դարձած են, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագանայ:

«ՄԻՏԸԼ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը կը շարունակէ լիբանանցիները Փղոսկրեայ Ափունքէն վերադարձնել Լիբանան: Երէկ առաւօտեան ժամը 5:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան երկու օդանաւեր, որոնք շուրջ 500 լիբանանցիներ փոխադրեցին Լիբանան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Քոնելլի մեկնեցաւ Տոհա:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պահանջները` նախարարութիւններուն առումով, ոչ իրապաշտ մօտեցումի համազօր են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուալիտ Պարաքաթ յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան պիտի մերժէ պետական նախարարի պաշտօնը` ընդգծելով իսկական նախարարութիւն մը ունենալու իր իրաւունքը:

ՄԱԺՏԱԼ Այնճարի մէջ ապահովութեան ուժերուն կողմէ սպաննուած Տարուիշ Խանժարի անունը կապուած է ապահովական հսկայ թղթածրարի մը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն առեւանգումը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի ղեկավարներու միօրեայ դռնփակ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի օր` Պքերքէի մէջ:

Կը նախատեսուի, որ այդ հանդիպումին ներկայ գտնուին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կարեւոր եւ վերջնական լուծումներ տրուին կառավարութեան կազմութեան հարցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES