Սալաֆականները Կը Մերժեն Եգիպտոսի Փոխնախագահի Պաշտօնին Ղպտիի Մը Կամ Կնկայ Մը Նշանակումը

Եասեր Պրհամի

Եգիպտոսի մէջ սալաֆական քարոզչութեան ղեկավարի տեղակալ Եասեր Պրհամի յայտնեց, որ սալաֆականները կը մերժեն, որ ղպտի մը կամ կին մը Եգիպտոսի փոխնախագահ նշանակուի:

«Սալաֆականները կը մերժեն, որ փոխնախագահը ղպտի կամ կին ըլլայ, որովհետեւ եթէ նախագահին բան մը պատահի, ան հանրապետութեան նախագահ պիտի ըլլայ, իսկ եթէ Մոհամետ Մուրսի ղպտի մը եւ կին մը իրեն փոխնախագահներ նշանակէ, պիտի մերժենք զայն: Ան հանդիպումի ընթացքին շէյխերու խոստացաւ զանոնք չնշանակել` վստահեցնելով, որ կը փափաքի, որ եգիպտական սահմանադրութիւնը նշէ, որ նախագահը իսլամ ըլլայ»:

Սալաֆական Նուր կուսակցութեան բանբեր Մոհամետ Նուր իր կարգին «Խալիժ» օրաթերթին յայտնեց, որ կուսակցութիւնն ու սալաֆական շարժումը կը յուսան, որ սահմանադրութեան բանաձեւման յանձնախումբը «սկզբունքներ» բառը ջնջելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնէ եւ եզրերու տարակարծութենէն դուրս գալով իսկական իմաստին հասնի: Ան նշեց, որ եգիպտական օրէնքներու բանաձեւումի` իսլամական օրէնքին համահունչ ըլլալուն կարեւորութեան ոչ ոք տարակարծիք է:

Նուր ըսաւ, որ Եգիպտական հողերու նախկին միւֆթի շէյխ Ֆարիտ Ուասել տագնապէն ելքի բանաձեւ մը առաջարկած է, ըստ որուն, իսլամական օրէնքը օրէնսդրութեան գլխաւոր աղբիւրն է, բան մը, որուն շուրջ Նուր կուսակցութիւնն ու սալաֆականութիւնը համաձայնութիւն գոյացուցած են:

 

Share this Article
CATEGORIES