Յովհաննիսեան. «Ռոմբոյի Ելոյթէն Դասեր Պէտք Է Քաղել»

Այն, որ երէկ Ազգային ժողովին մէջ պատգամաւորները կարելիութիւն չունեցան հարցումներ ուղղելու Հերման Վան Ռոմբոյին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան շատ մեծ սխալ նկատեց, «քանի որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները իրենց հարցումներով ճիշդ ձեւակերպումներ պիտի տային այն պատկերացումներուն, որոնք այս երկրէն պէտք է տանէր եւրոպական կողմը»:

Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Ռոմբոյի ելոյթէն դասեր պէտք է քաղել, բայց այդ դասը պատգամաւորները հարցումներ ուղղելու կարելիութենէն զրկելու մէջ պէտք չէ ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES