Վիլաս – Պոաս Նշանակուեցաւ Թոթենհամի Մարզիչ

Անտրէ Վիլաս-Պոաս

Թոթենհամի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Անտրէ Վիլաս-Պոաս նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով խումբին հետ:

34 տարեկան փորթուգալցին փոխարինեց Հերի Ռետնափը, որ նախորդ ամիս պաշտօնազրկուեցաւ` շուրջ չորս տարի «Ուայթ Հարթ Լէյն» մնալէ ետք:

Վիլաս – Պոաս միայն ինը ամիս Չելսիի մարզիչի պաշտօնը վարելէ ետք պաշտօնազրկուեցաւ ակումբին սեփականատիրոջ` ռուս միլիառատէր Ռոման Ապրամովիչի կողմէ:

Նախորդ տարեշրջանին չորրորդ դիրքը գրաւելով Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ընդհանուր դասաւորման մէջ, Թոթենհամ ձախողեցաւ ապահովել «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2012-2013 տարեշրջանին իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ մրցաշարքի աւարտականին Չելսի յաղթեց Պայէրն Միւնիխի:

Նշենք, որ Վիլաս – Պոաս իրեն հետ Թոթենհամ բերաւ իր երկու օգնականները` Ժոզէ Մարիօ Ռոշան եւ Տանիել Սուսան:

Share this Article
CATEGORIES