«Սուրիոյ Տագնապը Միայն Սուրիացի Ժողովուրդը Կրնայ Լուծել» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերգէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական տագնապը անպայման կարիք ունի խաղաղ լուծման: Ան ըսաւ, որ անհրաժեշտ է բռնարարքներու դադրեցման եւ սուրիական ուժերու ու զինեալ խմբաւորումներու հեռացման համար միջազգային ընտանիքի միասնականութիւն ստեղծել:

«Պէտք է սուրիական տագնապի առնչակից կողմերը համոզենք Ժընեւի մէջ գոյացած համաձայնութիւնը գործադրելու պայմաններ ստեղծելու համար բանակցութեանց սեղանի շուրջ նստիլ» ըսաւ ան` նշելով, որ «սուրիական տագնապի խաղաղ լուծումի եւ Անանի ծրագիրի գործադրութեան համար ջանքերը միաւորելու համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ սուրիական տագնապը միայն սուրիացի ժողովուրդը կրնայ լուծել, եւ այս մէկը Ժընեւի ժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է: Լաւրով մերժեց Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական ապաստան տրամադրելու գաղափարը: Նշենք, որ «Ուաշինկթըն Թայմզ» օրաթերթը իր երէկուան թիւին մէջ կը գրէր, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ փոխանցման կառավարութեան մէջ Ասատի որեւէ դերակատարութիւն բացառելու իր կեցուածքէն ետդարձ կատարած է` այն յոյսով, որ Ռուսիա իր վայելած ազդեցութեան շնորհիւ Ասատի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնէ` ընդդիմութեան արիւնալի ճնշումին վերջ տալու համար:

Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասիթ Սիտա յառաջիկայ շաբաթ Մոսկուա պիտի այցելէ:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը հրապարակեց Ասատի հետ իր հարցազրոյցին երրորդ բաժինը, որուն մէջ Ասատ կը յայտնէ, որ «Սուրիոյ տագնապը առաւելաբար արտաքին է, եւ ատոր փաստը այն է, որ ներկայիս արաբ մարտիկներ եւ ծայրայեղական իսլամականներ Սուրիոյ մէջ կռիւ կը մղեն, ինչպէս նաեւ սահմաններէն արդիական զէնքեր կը մաքսանենգուին եւ արտասահմանէն գումարներ կը հոսին»:

Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ «եթէ ժողովուրդին զօրակցութիւնը չըլլար, ճակատագիրս Իրանի շահի ճակատագիրին նման պիտի ըլլար»: «Մենք ինքնապաշտպանութիւն կը կատարենք եւ ահաբեկիչներ կը հալածենք ու կը սպաննենք: Անոնք քաղաքայիններու դէմ սպանդներ կը գործեն, իսկ մենք քաղաքայինները պաշտպանելու մեր պարտաւորութիւնը կը կատարենք, ատիկա իբրեւ պետութիւն մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ ան եւ հարց տուաւ. «Դուք թուրքերդ ի՞նչ կ՛ընէք, երբ կը սպաննէք, դուք ձեզ չէ՞ք պաշտպաներ: Հիւսիսային Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ ձեր զինուորական բոլոր գործողութիւնները ահաբեկչութեան դէմ պայքարով չէ՞ք արդարացներ: Այդ պարագային կ՛ըսե՞նք, թէ թրքական պետութիւնը իր ժողովուրդը կը սպաննէ»` աւելցնելով, որ «ասիկա երկակի չափանիշ է եւ քաղաքական անպարկեշտութիւն է, ինչ որ չենք ընդունիր»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի արաբական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները վերջ պիտի չգտնեն, եթէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուժի կիրարկման իրաւունք տուող ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիմամբ պարտադիր որոշում մը չորդեգրէ: Ան նաեւ նշեց, որ Փարիզի մէջ գումարուելիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը եւս բռնարարքներուն վերջ պիտի չտայ, որովհետեւ այդ ժողովին նպատակը Դամասկոսի վրայ ճնշումը աւելցնելու համար միջազգային զօրակցութիւն ապահովելն է:

Ինչ կը վերաբերի արեւմտեան երկիրներու այն ջանքին, որ Ռուսիա Ասատի ապաստան շնորհէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ «Ասատի երկրէն ապահով դուրս գալը շրջանառութեան մէջ է, եւ կարգ մը երկիրներ այդ մասին կը մտածեն… սակայն ես ճշգրիտ տեղեկութիւններ չունիմ եւ առայժմ ոչինչ առաջարկուած է, որպէսզի այդ մասին խօսիմ»:

Խօսելով Գահիրէի մէջ սուրիացի ընդդիմադիրներու ժողովի հաղորդագրութեան բանաձեւման ընթացքին յառաջացած սուր տարակարծութեանց մասին` Արապի ըսաւ, որ այդ տարակարծութիւնները քիւրտերու պահանջներուն ճշդման շուրջ էր:

Արապիի տեղակալ Ահմետ պըն Հըլլի յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ բռնարարքները` նշելով, որ սուրիական տագնապի հետեւանքները կարելի չէ վերահսկել: Հըլլի նշեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրի պայմանաժամը սեպտեմբերին կ՛աւարտի:

Միւս կողմէ, «Եուրէյժիա Ռիվիու» կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ ելեւմուտքի նախարարը արգիլած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն զինամթերքի վաճառքը, այն բանէն ետք, երբ այդ երկրին վաճառուած զուիցերիական արտադրութեան ձեռնառումբերը յայտնաբերուած են Սուրիոյ մէջ:

Զուիցերիա այս առիթով հետաքննութեան սկսած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ:

Անցեալ տարի Էմիրութիւնները Զուիցերիոյ 279 միլիոն տոլարի զինամթերք պատուիրած էին` դառնալով այդ երկրէն սպառազինութիւն ներածող գլխաւոր երկիրը:

Էմիրութիւններուն վաճառուած զուիցերիական ձեռնառումբերուն Սուրիոյ մէջ յայտնուիլը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, երբ Սուրիոյ Մարիյա քաղաքին մէջ գրաւուած ձեռնառումբերու լուսանկարները յայտնուած էին «Սոննթակ Ցայթունկ» եւ «Լը Մաթան Տիմանշ» օրաթերթերուն մէջ:

Մինչ այդ, գաղտնի փաստաթուղթերու հրապարակումով եւ վերլուծութեամբ զբաղող «Ուիքիլիքս» կայքէջը երէկուընէ սկսած է Սուրիոյ վերաբերեալ 2.4 միլիոն ե-նամակներու հրապարակման: Կայքէջի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժ յայտարարած է, որ «մեր ձեռքին տակ եղած նիւթերը դժուար կացութեան մէջ պիտի ձգեն ոչ միայն Սուրիան, այլ նաեւ անոր հակառակորդները: Անոնց հրապարակումը մարդոց պիտի ստիպէ քննադատութեան չենթարկել տագնապին մէջ ներգրաւուած միայն մէկ կողմը եւ հասկնալ անոնց իրական շահերը»:

«Հաֆինկթըն փոսթ» կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս»-ի բանբեր Սառա Հարիսըն նշած է, որ կայքէջը կը հրապարակէ 12 մարտ 2006-էն մինչեւ այսօր 680 սուրիացի բարձրաստիճան սպաներու, նախարարներու, գործարարներու եւ դիւանագէտներու ե-նամակները, որոնցմէ 680 հազարը ռուսերէնով են:

Բոլոր փաստաթուղթերուն հրապարակումը պիտի տեւէ երկու ամիս եւ պիտի իրականացուի լիպիական, եգիպտական, գերմանական, ամերիկեան, իտալական, ֆրանսական եւ սպանական լրատուամիջոցներու հետ համագործակցութեան միջոցով:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները Միջերկրական ծովուն մէջ` Սուրիոյ սահմանին մօտ ծովուժի ռազմափորձի սկսած են:

Ըստ պաշտօնական տեղեկատուութեան, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ծովուժերուն կատարած ռազմափորձը ուղղուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նախապատրաստութեան: «Մենք պէտք է այնպէս ընենք, որ յանցագործները հասկնան, թէ ՕԹԱՆ-ը շրջանին մէջ աշխուժութիւն ցուցաբերել թոյլ պիտի չտայ», յայտարարած է գերմանացի հրամանատար Թորսթըն Քալեր:

Հակաահաբեկչական ռազմափորձին պիտի մասնակցին ծովուժի 545 զինուորներ: Նաւերը, որոնց վրայ անոնք պիտի սորվին ծայրայեղականներու դէմ պայքարի ձեւերը, յագեցած են հրետանային զէնքերով` հակաօդային հրթիռներով, նաւեր ոչնչացնելու համար նախատեսուած զէնքերով, ինչպէս նաեւ «Մարք 46» զինատեսակներով, որոնք նախատեսուած են նաւակներ ընկղմելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES