Մըքքէյն Ժամանեց Լիբանան Եւ Այցելեց Ժահժահի Ու Զօր. Քահուաժիի

Ժահժահ, ծերակուտական Մըքքէյն եւ դեսպան Քոնելլի

Ամերիկացի ծերակուտական Ճոն Մըքքէյն երէկ այցելեց Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մըքքէյն յայտնեց, որ իրենք քննարկած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, խորհրդարանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք համոզուած են, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապը որքան երկարի, այդքան ծայրայեղական կազմակերպութիւնները, ինչպէս` Քայիտան, աւելի ազդեցիկ պիտի դառնան:

Մըքքէյն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մնայուն կերպով կը զօրակցի Սուրիական ազատ բանակին եւ զայն զինելու անհրաժեշտութեան: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է լաւ աշխատին, որպէսզի Սուրիոյ ընդդիմութիւնը աւելի եւս զօրանայ:

Մըքքէյն նկատել տուաւ, որ Լիբանան շարք մը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ այդ դժուարութիւններուն վերջինը կը հարուածէ օրէնսդրական մարզը:

Մըքքէյն դրուատեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականները ընդունելու կեցուածքը:

Այցելութիւն Եարզէ

Մըքքէյն այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES