Պերլինի Մէջ Միքաթի-Մերքել Հանդիպում

Պաշտօնական ընդունելութենէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Մերքել ըմբռնում ցուցաբերած է շրջանին եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան հանդէպ` աւելցնելով, որ Մերքել կը փափաքի օժանդակել Լիբանանին` բոլոր մարզերուն մէջ:

Միքաթի յայտնեց, որ Մերքել անհրաժեշտ նկատած է Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումը եւ զայն հեռու պահել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

Մերքել շեշտեց, որ Գերմանիա պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանին` իր ուժերը պահելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շարքին, ինչպէս նաեւ զօրակցելով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի գործունէութեան:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին Միքաթի նշեց, որ ինք Մերքելը հրաւիրած է այցելելու Լիբանան` մաղթելով, որ ան մօտիկ ապագային ընդառաջէ այդ հրաւէրին:

Share this Article
CATEGORIES