Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Դատական Իշխանութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Սլէյման եւ Քըրթպաուի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ դատաւորներուն աշխատանքը աշխուժացնելու եւ տարբեր թղթածրարներուն վերաբերող վճիռներ արձակելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ժամիլ Շամմաս, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Մոհամետ պըն Խալիլ Ժազմի, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` դիւանագիտական իր առաքելութիւնը աւարտած ըլլալու առիթով:

Share this Article
CATEGORIES