Սլովանի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին (1-1). Եուրա Մովսիսեան Նշանակեց Քրասնոտարի Կոլը
Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Քրասնոտար, որ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Չեխիոյ մէջ, մրցեցաւ տեղւոյն կազմերէն Սլովանի հետ: Անոնց միջեւ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմին հետ, 11-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը:
Սակայն դաշտին տէրը նշանակուած այդ կոլէն երեք վայրկեան ետք նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Մովսիսեան 61-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
CATEGORIES Մարզական


