«Թուրքիոյ Կողմէ Լիբանանցի Առեւանգուածներուն Թղթածրարին Նկատմամբ Անլրջութեան Հետեւանքները Մեծ Պիտի Ըլլան» Կ՛ըսէ Զղէյպ

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը հետապնդելու նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ աւարտել մարդկային այս հարցը:

Զղէյպ Թուրքիայէն պահանջեց նաեւ հաւատարիմ մնալու իր խոստումին եւ օժանդակելու այս մարդկային հարցին լուծման:

«Լիբանանեան կողմը կատարեց թրքական իշխանութիւններուն բոլոր պահանջները եւ տակաւին այդ իմաստով յանձնառու է, սակայն Թուրքիոյ կողմէ այս թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անլրջութիւնը ժխտական հետեւանքներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ եւ ամբողջ շրջանին վրայ», ըսաւ Զղէյպ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES