Ֆրանսայի Նախագահին Նամակը Ժահժահին

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ժահժահին` իր ուղարկած շնորհաւորական հեռագիրին համար:

Հոլլանտ իր նամակին մէջ հաստատեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ պաշտպանել Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ յանձնառու պիտի մնայ լիբանանեան հողերու ամբողջականութեան ու Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի գործունէութեան զօրակցութեան:

Հոլլանտ ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES