Խորհրդարանի Նախագահը Կոչ Կ՛Ուղղէ Զօրակցելու Բանակին Եւ Կառչած Մնալու Չէզոք Կեցուածքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ամալ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները:

Ամալ շարժումի նիստին շեշտուեցան Ազգային երկխօսութեան նիստերը յաջողցնելու անհրաժեշտութիւնն ու առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու, լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

ՄԻՒՍ կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի անդրադարձաւ խորհրդարանի օրէնսդրական վերջին նիստին ընթացքին Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումին եւ անոր մասին մեկնաբանութիւններուն` ըսելով, որ ինք նկատած է, թէ հիմնականին մէջ խորհրդարանը եւ սահմանադրութիւնն են, որոնք թիրախ կը դառնան:

Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ պատահածը քաղաքական տարբեր խմբաւորումներ կազմելու դուռ պիտի չբանայ:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ շեշտեց, որ ինք կարգ մը անձնաւորութիւններու պիտի չպատասխանէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին շահերը ապահովելու հիման վրայ լուծել հարցերը: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը կ՛ենթադրէ, որ բոլորը պատասխանատուութիւն ստանձնեն:

«Երկրին գերագոյն շահերը շատ աւելի բարձր են, քան ընտրական որեւէ շահ», ըսաւ Պըրրի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES