Աքքարի Մէջ Զինեալ Երեւոյթները Կը Մնան Տիրական Եւ Ճամբաները Կը Շարունակեն Փակ Մնալ

Photo «The Daily Star»

Աքքարի մէջ շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի եւ անոր թիկնապահին սպանութեան հարցով ձերբակալուած բանակայիններուն ազատ արձակման որոշումին դէմ իբրեւ բողոքի կեցուածք, Աքքարի բնակիչները շարունակեցին աւազեայ պատնէշով մը փակ պահել Աքքարի ճամբան:

Այսինքն` Պէյրութէն Աքքար տանող ճամբաները Հալպայի, Քուշայի, Շէյխ Մոհամետի, Ուատի Ժամուսի եւ Պիրէի մօտ փակ են:

Պիրէի մուտքին զետեղուած է նաեւ վրան մը, ուր բաց նստացոյց յայտարարուած է վերոնշեալ որոշումին դէմ: Այդ թրքաբնակ գիւղին մուտքին զետեղուած է նաեւ անցարգել մը, որ կը կանգնեցնէ բոլոր անցորդները եւ անոնցմէ անձնաթուղթեր կը պահանջէ:

Աքքարի մէջ տիրական են նաեւ զինեալ երեւոյթներ:

Նստացոյցին մասնակցողներէն մէկը յայտնեց, որ իրենց նստացոյցը պիտի շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, ապա պիտի դիմուի մագլցողական քայլերու եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան: Անոնք պահանջեցին շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի իրաւունքը վերադարձնել` անոր հարցին գծով արդար վարուելակերպ ցուցաբերելով:

Անոնք կոչ ուղղեցին Լիբանանի կառավարութեան լուծելու այդ հարցը:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր Պիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ սիւննի համայնքը Լիբանանի մէջ պէտք է պահէ իր արժանապատուութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք չէ լուռ մնալ շէյխ Ապտել Ուահետի սպանութեան հարցին գծով:

Տահեր արդար դատավարութիւն պահանջեց` շեշտելով, որ Հըզպալլայի զէնքն ու միլիսը պիտի չկարենան իրենց իշխանութիւնը բանեցնել իրենց շրջանին վրայ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութեան բուռն պաշտպանն է, որքան ալ ոմանք շարունակեն կասկածի տակ առնել անոր դերակատարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES