Լեհաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահը Չի Մտադրեր Լքել Իր Պաշտօնը
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կժեքոժ Լիաթօ երբեք չի մտածեր հեռանալ իր պաշտօնէն, հակառակ անոր որ ան շատերու կողմէ կը քննադատուի Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին երկրի ֆութպոլի ազգային խումբին արձանագրած ոչ այդքան փայլուն արդիւնքներուն համար:
Ընդհակառակն, ան կը պնդէ, որ նոր նստաշրջանի մը եւս մտադիր է առաջադրել իր թեկնածութիւնը` նախագահի պաշտօնին համար:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Ես երբեք չեմ ըսած, որ պիտի հեռանամ իմ պաշտօնէս, եթէ Լեհաստան չյաջողի լաւ արդիւնք արձանագրել: Յաջողեցանք շատ լաւ ձեւով հիւրընկալել Եուրօ-2012-ը, որուն համար մեծ գնահատանք ստացանք Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահէն»:
CATEGORIES Մարզական

