Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական. Կիկզ` Անգլիոյ Խումբի Խմբապետ
Երէկ` կիրակի, 8 յուլիսին իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Անգլիոյ ողիմպիական ֆութպոլի խումբի մարզիչ Սթիւըրթ Փիրս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն Անգլիոյ ֆութպոլի խումբին խմբապետը պիտի ըլլայ կալեսցի 38 տարեկան մարզիկ Ռայըն Կիկզ:
Նշենք, որ ան Անգլիոյ երեք «տարիքոտ» մարզիկներէն մէկն է, որ նկատի առնուած է Փիրսի կողմէ:
Ան առաջին անգամ ըլլալով խմբապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ 20 յուլիսին, երբ Անգլիա բարեկամական մրցումի մը ընթացքին ճակատի Պրազիլի դէմ:
Կիկզի նշանակումը պատահականօրէն չէ, որ տեղի կ՛ունենայ: Ան իսկապէս Անգլիոյ ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած է` տիրանալով 12 «Փրեմիեր լիկ»-ի, 5` Անգլիոյ բաժակի եւ 2` «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսներու, իր ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Ողիմպիական ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն Անգլիոյ մրցակիցները պիտի ըլլան Ուրուկուէյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Սենեկալ:


